Սփիւռքի զօրաշարժի նուիրուած խորհրդաժողովը մեկնարկեցաւ Փարիզի մէջ
- (0)

Փարիզի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն նպատակն է դիմակայել վերջին տարիներուն հայութիւնը ցնցած աննախընթաց տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն։
Այս կարեւոր հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան 25 երկիրներէ ժամանած շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին են հոգեւոր առաջնորդներ, համայնքային ղեկավարներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, գործարարներ եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Խորհրդաժողովի օրակարգը պիտի քննէ Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայոց եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու կարեւորութիւնը հայկական ինքնութեան պահպանման տեսանկիւնէն։ Մասնակիցները նաեւ պիտի քննարկեն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցերը՝ Սփիւռքը դիտարկելով իբրեւ հայկական աշխարհի փափուկ ուժի կարեւոր բաղադրամաս, որուն վերաշխուժացումը էական է յանուն համահայկական նպատակներու իրագործման։
Յառաջիկայ օրերուն խորհրդաժողովը պիտի աւարտի աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած յատուկ կոչ-յայտարարութեամբ մը, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական եւ համայնքային գործնական նախաձեռնութիւններ։