Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը հանդիպած է ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներու պատասխանատուներու հետ
1991
0
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը այսօր հանդիպած է Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցներու պատասխանատուներու հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են տարբեր երկիրներէ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Զարեհ Սինանեանին ներկայացուցած են ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներու գործունէութիւնը, կատարուած աշխատանքները, նպատակներն ու խնդիրները: Այս մասին կը հաղորդէ Երկիր Մեդիան։
Մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուած է այս օրերուն Հայաստանի մէջ միութիւններու կողմէ կազմակերպուած ամառնային դաստիարակչական ճամբարներուն: Կարեւորութեամբ նշուած են են հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներու միջեւ աւելի սերտ կապերու հաստատումն ու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան ուղղուած քայլերը: