Ս­փիւռ­քին / Ս­փիւռք(եր)էն խօսք

Horizon Weekly Newspaper

Խ. Տէր Ղուկասեան

«Ք­րէոլ­նե­րուն (criollos) կ­՚ուղ­ղեմ խօսքս. ա­նոնց, ո­րոնք այս հո­ղին վրայ կ­՚ու­զեն ապ­րիլ եւ մա­հա­նալ, ոչ ա­նոնց ո­րոնք կը կար­ծեն թէ ա­րեւն ու լու­սին Եւ­րո­պա են:» Այս նա­խա­դա­սու­թեամբ կը սկսի ­Խոր­խէ ­Լո­ւիս ­Պոր­խէս գրե­թէ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ հրա­տա­րա­կած իր գրու­թիւ­նը:

­Կը խօ­սի 19-րդ ­դա­րու սկիզ­բին հա­րա­ւա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սի վրայ սպա­նա­կան գա­ղու­թա­տի­րու­թեան դէմ ծա­ռա­ցած յե­ղա­փո­խու­թեան ծնունդ եր­կիր­նե­րէն՝ Ար­ժան­թի­նի բնա­կիչ­նե­րուն, ար­ժան­թի­ցի­նե­րուն: Իր թե­ման հայ­րե­նիքն է, եւ հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թիւ­նը: (Jorge Luis Borges, “El tamaño de mi esperanza”. El tamaño de mi esperanza, Buenos Aires, Seix Barral, 1993, p. 11): Ա­նոնց կառ­չե­լու կոչ է, ըլ­լա­լու տե­ղա­ցի, բայց հա­ղոր­դա­կից աշ­խար­հին հետ, կամ, ինչ­պէս փոր­ձագ­րու­թեան ա­ւար­տին կը բա­նա­ձե­ւէ, «Ք­րէո­լա­կա­նու­թիւն մը, որ զրու­ցէ աշ­խար­հի մա­սին եւ Ե­սին, Աստ­ծոյ մա­սին եւ մա­հո­ւան: ­Ձե­զի տես­նեմ՝ մէ­կը ին­ծի պի­տի օգ­նէ՞ այդ փնտռտու­քին մէջ:» (p. 14)

­Դիւ­րին չէ ­Պոր­խէս կար­դալ, եւ շատ դժո­ւար՝ ­Պոր­խէս թարգ­մա­նել: Ան­կա­րե­լի է սա­կայն չմտա­ծել ա­նոր իւ­րա­քան­չիւր գրու­թեան ըն­թեր­ցու­մէն յե­տոյ, պատ­մուածք ըլ­լայ այն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն թէ փոր­ձագ­րու­թիւն: Այն­քան, որ տիե­զե­րա­կան է ա­նոր միտ­քը, այն­քան խնա­մո­ւած այդ միտ­քը խօս­քի վե­րա­ծե­լու իր գրա­կա­նու­թիւ­նը:

Ա­ռանց այդ 1926-ի գրու­թեան դի­պուկ թե­մա­յին՝ ար­ժան­թի­նեան հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լու, ­Պոր­խէ­սի տիե­զե­րա­կա­նու­թիւ­նը թոյլ կու տայ «Ա­զատ Օր»-էն փոր­ձել խօս­քը ուղ­ղել Ս­փիւռ­քա­հա­յե­րուն, ա­նոնց ո­րոնք այդ ­Վայ­րին մէջ են, եւ այդ ­Վայ­րի՛ն՝ Ս­փիւռ­քին ան­ցեալ-ներ­կայ-ա­պա­գայ լի­նե­լու­թեան յանձ­նա­ռու են: ­Կա­րե­լի՞ է Ս­փիւռ­քին խօ­սիլ, եւ Ս­փիւռ­քէն խօ­սիլ, ա­հա սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի գլխա­ւոր մար­տահ­րա­ւէ­րը ներ­կա­յիս՝ 21-րդ ­դա­րուն: ­Մա­մու­լին՝ իր ա­մե­նէն դա­սա­կան ի­մաս­տով, այ­սինքն այն տե­ղե­կա­տո­ւա­կան/հրա­պա­րա­կագ­րա­կան օր­գան­նե­րուն, ո­րոնք դա­րու, կամ գրե­թէ, ան­ցեալ մը ու­նին քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, ինք­նու­թեան լի­նե­լու­թեան եւ գո­յու­թե­նա­կան յանձ­նա­ռու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ի­րենց դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ: Ոչ թէ ճա­պաղ ար­ձա­գանգն են հայ­րե­նի «ի­րա­կան»ու­թեան մը (ա­պա)տե­ղե­կա­տո­ւա­կան հոս­քին եւ ա­նոր ծնունդ տուած (ան)բա­նա­վէ­ճին:

Ս­փիւռ­քե­րէ­նի մար­տահ­րա­ւէ­րին մա­սին է խօս­քը, որ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ/զար­գա­ցաւ Ս­փիւռ­քին հետ որ ստեղ­ծեց/զար­գա­ցուց, ինք­նա­ցո՛ւց, հա­յա­պահպան­ման ի խնդիր, ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին եւ Ս­փիւռ­քա­հայ ըլ­լա­լու: ­Յա­տուկ լե­զու մը չէ սփիւռ­քե­րէ­նը բա­ռա­պա­շա­րի եւ քե­րա­կա­նու­թեան ի­մաս­տով, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէ­նի մա­սին է խօս­քը, Ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի եւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի, եւ մին­չեւ իսկ Ա­րեւմ­տա­րե­ւեա­լա­հա­յե­րէ­նի մա­սին, որ Ս­փիւռ­քա­հայ ­Վա­հէ ­Պէր­պէ­րեա­նը թա­տե­րա­բե­մին վրայ կա­տա­կով բա­նա­ձե­ւեց որ­պէս շատ լուր­ջի առ­նե­լիք ա­ռա­ջարկ: ­Հա­յե­րէ­նի՝ որ­պէս­զի յստա­կօ­րէն սահ­մա­նա­զա­տո­ւի մայ­րե­նիով վե­րապ­րած ու զար­գա­ցած ինք­նու­թիւն մը այն մէ­կէն, որ այ­սօր ա­պա­հա­յե­րէ­նա­ցու­մով կը «դե­մար­գա­ցո­ւի» նաեւ ե­թէ ոչ մաս­նա­ւո­րա­բար պե­տա­կա-քա­ղա­քա­կան ա­մե­նայն ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ: ­Հա­յե­րէ­նին մա­սին չէ սփիւռ­քե­րէ­նը, բայց դա­սա­կա­նին մա­սին է ան­կաս­կած, ­Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թեան վե­րա­դար­ձին, զոր մեր­ժե­ցին «մէկ ազգ, մէկ հայ­րե­նիք, մէկ մշա­կոյթ» լո­զուն­գի ա­մե­նաան­կեղծ յանձ­նա­ռու­ներն իսկ, նա­խընտ­րե­լով շա­րու­նա­կել ա­տե­նին ազ­գը բա­ժա­նած, ե­թէ ոչ նաեւ այդ նպա­տա­կով պար­տադ­րո­ւած, «ուղ­ղագրու­թիւն» մը: Ոչ իսկ քա­ղա­քա­կան կամք «հա­յե­րէ­նի լե­զո­ւամ­շա­կու­թա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան» մը մշա­կու­մին, որ որ­պէս ա­ռա­ջարկ դա­րաս­կիզ­բին բա­նա­ձե­ւու­ցաւ դար­ձեալ Ս­փիւռ­քա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի մը, Մկր­տիչ Մկրտչեա­նի կող­մէ:

Ս­փիւռ­քե­րէ­նի մար­տահ­րա­ւէ­րը, հե­տե­ւա­բար, լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղա­կան ստեղ­ծա­գործ յանձ­նա­ռու­թիւն մըն է, որ նախ եւ ա­ռաջ Ս­փիւռ­քին կը խօ­սի յու­շե­լու հա­մար, որ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան անժխ­տե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի գո­յա­տեւ­ման ու զար­գաց­ման, ինչ­պէս նաեւ ազգ-պե­տու­թեան գե­րիշ­խան ամ­րապնդ­ման հա­մար, ան­պայ­մա­նօ­րէն գործ­նա­կան ոչ մէկ ներդ­րում բե­րած է սփիւռ­քեան անդ­րազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան պահ­պան­ման եւ զար­գաց­ման: Ծ­նունդ չէ տո­ւած, ե­թէ ոչ հա­մար­կու­մի առ­նուազն մաս­նակ­ցա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­յե­ցա­հար­գի մը, ուր նաեւ Ս­փիւռ­քեան լի­նե­լու­թեան խնդիր­նե­րը կը քննար­կո­ւին ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ձայ­նի եւ քո­ւէի ի­րա­ւուն­քով: ­Մօ­տեց­ման ու տիա­լո­կի մի­ջոց­ներ ան­շուշտ ե­ղած են, եւ ա­նար­դար է ժխտել ա­նոնց ե­տին կանգ­նած քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ան­կեղծ հա­մո­զու­մը, բայց, վեր­ջին հա­շո­ւով, հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան հա­տո­ւա­ծին մօտ չէ ե­ղած լուրջ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն լե­զո­ւամ­շա­կու­թա­յին փո­խա­դարձ զի­ջու­մի:

Ա­ռանց տա­կա­ւին անդ­րա­դառ­նա­լու այ­լեւս պե­տու­թեան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կով սփիւռ­քեան ինք­նու­թեան եւ լի­նե­լու­թեան ու­րաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րունն է: Կր­նայ ըլ­լալ, ինչ­պէս շա­տեր կը յու­սան, որ այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը լոկ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մըն է պար­տու­թեան հո­գե­հա­րա­զատ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ Ս­փիւռ­քը ներ­կայ սփիւռ­քու­րաց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է ըն­կա­լէ որ­պէս ա­հա­զանգ, անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար թէ մին­չեւ ո՛ւր կրնայ հաս­նիլ իր լի­նե­լու­թեան օ­րա­կար­գի մո­ռա­ցու­մը, կամ լու­սանց­քայ­նա­ցու­մը, յա­նուն նախ­կի­նին «ան­կախ պե­տու­թեան հզօ­րաց­ման» թէ ներ­կա­յին «պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան» ա­ռաջ­նա­հեր­թա­ցու­մին:

Ս­փիւռ­քի՛ն խօ­սիլ է Ս­փիւռ­քե­րէ­նը, ո­րով­հե­տեւ ա­տե­նին հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թիւն կեր­տած «տար­բե­րու­մը», ինչ­պէս բա­նա­ձե­ւած է ­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեան, այ­սօր կրկնա­կի ի­մաստ կը ստա­նայ ի դէմս նոյն այդ ինք­նու­թեան լի­նե­լու­թիւ­նը ան­կախ պե­տու­թեան ներդ­րու­մով լից­քա­ւո­րե­լու եր­բեմ­նի յոյ­սին չքաց­ման: «Այ­սօր», այ­սինքն՝ դե­ռեւս 1990-ա­կան­նե­րուն, երբ Ս­փիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կան­ներ զգու­շա­ցու­ցին Ս­փիւռ­քը լքե­լու վտան­գին մա­սին, բայց առ­նո­ւազն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Հա­րիւ­րե­րորդ ­Տա­րե­լի­ցի ա­ւար­տէն ի վեր ի դէմս այն­քան սպա­սո­ւած ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Խոր­հուր­դի չկա­յաց­ման, եւ վստա­հա­բար ­Քա­ռա­սուն­չոր­սօ­րեայ ­Պա­տե­րազ­մի պար­տու­թե­նէն յե­տոյ: Ս­փիւռ­քի ինք­նու­թեան պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը նա­խե­ւա­ռաջ, եւ ներ­կայ պա­րա­գա­յին թե­րեւս՝ բա­ցար­ձա­կա­պէս, Ս­փիւռ­քին, սփիւռ­քեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ մին­չեւ իսկ ան­հատ սփիւռ­քա­հա­յե­րունն է:

­Նե­րա­ռեալ ­Հա­յաս­տան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած սփիւռ­քա­հա­յե­րուն, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պո­ւած իւ­րա­յա­տուկ հա­մայնք մը ըլ­լա­լու ամ­բողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ու­նին, բայց ցարդ կար­ծես չեն մտա­ծած/ու­զած/կա­րո­ղա­ցած Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով դա­սա­ւան­դող դպրոց հիմ­նել, դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը դնել մշա­կու­թա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գին, կամ Ս­փիւռ­քի շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան «լոպ­պի» մը ա­ռա­ջաց­նել, ինչ­պէս անձ­նա­կան խօ­սակ­ցու­թեան մը ըն­թաց­քին նշած է Ս­փիւռ­քա­հայ մը, ընդ ո­րում «շահ»ի ե՛ւ ընդ­հան­րա­կան, ե՛ւ կոնկ­րետ գոր­ծա­րա­րա­կան ի­մաս­տով: ­Հոս պի­տի յի­շեց­նել թե­րեւս որ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­ղած է Ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն, եւ ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած է հան­րա­պե­տու­թեան մէջ իշ­խա­նու­թեան վրայ գտնո­ւող կու­սակ­ցու­թեան ակ­նա­ռու գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը, յան­ձինս ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի:

­Բայց Ս­փիւռ­քե­րէ­նը նաեւ Ս­փիւռ­քէն խօ­սիլ է, եւ դիրք ճշդել: ­Քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան դիրք, որ ինք­նին ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի ըլ­լայ բազ­մա­կար­ծիք, բա­նա­վէճ հրահ­րող, հան­րա­յին քննար­կու­մի մէջ տե­սա­կէտ­նե­րու բա­խու­մին մի­ջոց բա­ցող յանդգ­նու­թեամբ եւ քննա­կան/քննա­դա­տա­կան մօ­տե­ցու­մով: ­Բա­նա­վէ­ճի դնել նաեւ ե­թէ ոչ մաս­նա­ւո­րա­բար հա­յաս­տա­նեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ներ­քին թէ ար­տա­քին, ա­ռանց վե­րար­տադ­րե­լու հոն­տե­ղի բա­նա­վէ­ճերն ու կար­ծիք­նե­րը: Եւ դիրք ճշդել Ս­փիւռ­քէն դի­տե­լով ե­րե­ւոյթ­նե­րը, թէ­կուզ եւ դիր­քո­րո­շո­ւե­լով ­Հա­յաս­տա­նեան ներ­քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ իշ­խա­նու­թեան թէ ընդ­դի­մու­թեան կող­քին: Ա­ռանց պատ­րանք­ներ ու­նե­նա­լու: Ս­փիւռ­քի մէջ քա­ղա­քա­կան խօս­քը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ հա­զիւ թէ կրնայ ազ­դել: Դ­ժո­ւար է նաեւ ե­րե­ւա­կա­յել, որ ­Հա­յաս­տա­նեան ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ուժ Ս­փիւռ­քեան մտա­ծո­ղու­թեամբ հե­տաքրք­րո­ւի: Ս­փիւռ­քէն խօս­քը նախ Ս­փիւռ­քին ուղ­ղո­ւած է, բայց գո­նէ վար­կա­ծի կար­գով պի­տի են­թադ­րե­լով, որ այն ինչ որ չա­փով կրնայ ար­ձա­գան­գել ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ինչ­պէս պա­տա­հե­ցաւ, օ­րի­նա­կի հա­մար, հայ-թրքա­կան Փ­րո­թո­քոլ­նե­րուն դէմ Ս­փիւռ­քի մէջ ծնունդ ա­ռած եւ բարձ­րա­գո­չո­ւած «Ոչ»ի պա­րա­գա­յին: ­Միակ օ­րի­նա­կը չէ, թէեւ հա­ւա­նա­բար ա­մե­նէն ցայ­տու­նը: ­Բայց, ա­հա­ւա­սիկ, Ս­փիւռ­քի մա­մու­լին կը մնայ Ս­փիւռ­քէն խօս­քը ա­ւե­լի հա­մար­ձա­կօ­րէն, ա­ւե­լի յստա­կօ­րէն, եւ սփիւռ­քեան բազ­մամ­շա­կու­թա­յին ի­րա­կա­նու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան իւ­րա­յատ­կու­թեամբ բա­նա­ձե­ւել, հաս­տա­տագ­րել եւ տա­րա­ծել:

Ս­փիւռ­քե­րէ­նը ­Վա­հէ Օ­շա­կա­նի «Ս­փիւռ­քա­հայ ըլ­լալ»ու խօսքն է ո­րուն բա­նա­ձե­ւու­մը որ­պէս քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն սփիւռ­քա­հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ պի­տի զար­գա­նայ: Հ­րա­պա­րա­կագ­րու­թիւն՝ ան­կախ թէ այն տպա­գիր թէ ար­դէն առ­ցանց մամ­լոյ օր­գան­նե­րու իւ­րա­յա­տուկ է, եւ ոչ թէ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ պայ­մա­նա­կան գրա­ռում­ներ: Ս­փիւռ­քի մէջ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նօ­րէն հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան լի­նե­լու­թիւնն է: Եւ, հե­տե­ւե­լով Ք­լե­ման­սո­յի վե­րագրուած նա­խա­դա­սու­թեան՝ «­Պա­տե­րազ­մը շատ կա­րե­ւոր է ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը զօ­րա­վար­նե­րուն ձգե­լու հա­մար», պի­տի ը­սել որ Ս­փիւռ­քի հա­մար հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թիւ­նը շատ կեն­սա­կան է ա­նոր պա­տաս­խա­նատ­ուու­թիւ­նը պե­տու­թեան ձգե­լու հա­մար: