ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԺԻՐԱՅՐ ՐԷԻՍԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ
1407
0
Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի 10-րդ նիստին ընթացքին, խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէիսեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւի քննարկման ընթացքին արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Խորհրդարանի մեծարգո՛յ նախագահ,
Յարգելի՛ երեսփոխաններ,
Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ մղեցինք ու կը մղենք յանուն մեր ժողովուրդին արժանապատուութեան եւ Սուրիական Հայրենիքին խաղաղութեան: Չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ մենք՝ սուրիացիներս, համայն մարդկութեան փոխարէն պատերազմեցանք ահաբեկչութեան ու այնպիսի բարբարոսութիւններու դէմ, որոնք անհաւատալի ու աննկարագրելի էին, սակայն կը կրկնուէին:
Հայ ժողովուրդը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ՝ օսմանցի թէ իթթիհատական, ենթարկուեցաւ ծրագրուած ցեղասպանութեան, պոկուեցաւ իր արմատներէն: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ, աստուածային հրաշքով փրկուած մեր ժողովուրդին մնացորդացը հասաւ Սուրիա՝ ապահովութեան ափ: Սուրիոյ ժողովուրդը գրկաբաց ընդունեց եւ պաշտպան հանդիսացաւ անոր՝ իր մարդկային բնոյթէն ու կրօնական ըմբռնումներէն մեկնելով:
Սուրիան իր աշխարհագրական տարածքով եւ ժողովուրդով պատմական վկան դարձաւ Մեծ Եղեռնին: Այս իսկ պատճառով, երբ ինծի հարց կու տային, թէ Սուրիան ինչո՞ւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման չի նախաձեռներ, կը պատասխանէի ըսելով, որ Սուրիոյ վկայութիւնը ճանաչումի բանաձեւերէն աւելի ուժեղ է: Այդուհանդերձ, հայոց, սուրիանիներուն եւ ասորիներուն դէմ ցեղասպանական ոճիրներուն իրականացումը եւ ոճրագործին ուրացումն ու նոյն բարբարոսութիւններուն կրկնութիւնը այս անգամ Սուրիոյ մէջ, հետեւանք են անոր անպատիժ մնալուն եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ դատապարտման եւ հաշուետուութեան չենթարկուելուն:
Տեղին է յիշել Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլէմի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ միջազգային ընտանիքը անհրաժեշտ պատժամիջոցներ որդեգրէր 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործող Օսմանական Կայսրութեան դէմ, այսօր անոր ժառանգորդները չէին յանդգներ իրենց գործակալներուն ձեռամբ նոյն ոճիրները գործելու սուրիական հողերուն վրայ»:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ եւս տարբեր հանդիպումներու եւ հարցազրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան: 27 Մայիս 2015-ին արտասանած իր խօսքին մէջ ան ըսած էր. «Այսօր Սուրիոյ ժողովուրդը, իր բոլոր բաղադրիչներով, կը տառապի այն բարբարոսութիւններէն, որոնց ենթարկուած էր հայ ժողովուրդը, թէկուզ տարբեր միջոցներով ու նպատակներով»:
Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Սուրիական-Հայաստանեան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնաժողովին՝ իր առաջարկած բանաձեւին համար: Կոչ կ’ուղղեմ խորհրդարանի իմ գործընկերներուս, քուէարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւին ի նպաստ, Սուրիոյ ժողովուրդը ներկայացնող պաշտօնական այս հարթակէն, քաջ իմանալով որ այս երկրին հողն իսկ վկան է այդ սպանդին: Կոչ կ’ուղղեմ նաեւ Թուրքիայէն պահանջելու ճանաչում, հատուցում եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնում՝ վերջ դնելու թրքական նմանօրինակ ոճրագործութիւններուն եւ ամէնուր կանխելու նման սպանդներու իրագործումը»: