Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան սահմանադրական իր երդմնակալութիւնը կատարեց
929
0
Համաձայն նախագահական 204 թուակիր հրամանագիրին, ընթացք առաւ Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի բացման նիստը։
Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, համաձայն երկրի սահմանադրութեան եւ խորհրդարանի ներքին կանոնագրին, սահմանադրական իր երդմնակալութիւնը կատարեց։
Ստորեւ երդման արարողութեան բանաձեւը.
«Կ՝երդնում Ամենակարող Աստուծոյ անունով յարգել երկրի սահմանադրութիւնը, օրէնքները եւ հանրապետական համակարգը, պաշտպանել ժողովուրդի շահերն ու ազատութիւնը, պահպանել հայրենիքի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու ազատութիւնը, պաշտպանել անոր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ աշխատիլ ընկերային արդարութեան ու արաբական աշխարհի միասնութեան համար»:
Comments are closed.