Սուրիական Տագնապը Եւ Մենք
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Լիբանանեան ճակատին վրայ հազիւ հաստատուած փխրուն զինադադարը, փոթորկեցաւ սուրիականը: Տասնեակ մը տարիներէ ի վեր, Ասթանային մէջ գոյացած ժամանակաւոր զինադադար մը կրցած էր տարօրինակ խաղաղութեան մը պատրանքը ստեղծել: Սուրիական պետական ղեկավարութեան եւ իր բանակին կողքին, Սուրիոյ մէջ կը գոյատեւեն բազմաթիւ ուժեր. ահաբեկչական որակաւորումով զինեալ խմբաւորումներ, որոնք կը վայելեն դրացի Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը, քրտական զինեալ խումբեր, որոնք կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը, Հըզպալլայի ջոկատներ, իրանական ուժեր, ռուսական օդանաւային խարիսխ մը, թրքական բանակ եւ ամերիկեան բանակ: Այս երկու վերջինները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կը գրաւեն իրարու կից երկու հողամասեր: Սուրիական պետութիւնը կ՛իշխէ երկրին 65 առ հարիւրին վրայ, Թուրքիան եւ թրքամէտ ուժերը` 25 առ հարիւրին վրայ, ամերիկացիները` 10 առ հարիւրին վրայ: Ռուսերը եւ Հըզպալլան կ՛օժանդակեն սուրիական օրինական բանակին եւ կարելի կը դարձնեն երկրի շուրջ երկու երրորդին վրայ օրինական պետութեան գոյատեւումը: Գոյութիւն ունեցող բոլոր ուժերը կը վստահեցնեն, որ կ՛ուզեն պահպանել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, բնականաբար ամբողջը իր իշխանութեան ենթարկելու միջոցով:
«Դամասկոսի ազատագրութեան խորհուրդ» (նախկին Նուսրա ճակատը), օժանդակութեամբ «Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն» յաջողեցաւ կայծակնային արագութեամբ գրաւել Հալէպի նահանգին մեծ մասը, ներառեալ Հալէպ քաղաքը: Սուրիական բանակը գրեթէ առանց մարտեր մղելու նահանջեց եւ Սուրիոյ տնտեսական կեդրոնը հանդիսացող շրջանը յանձնեց զինեալ ահաբեկիչներուն: Այս շրջանը արդէն անգամ մը գրաւուած էր նոյն զինեալներուն կողմէ, ապա ազատագրուած սուրիական բանակին կողմէ: Այժմ մարտերը կը շարունակուին Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան գօտիին մէջ. սուրիական բանակին կ՛օժանդակեն աշխարհազօրայիններ եւ ռուսերը` իրենց օդային ռմբակոծումներով:
Տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կը կատարուին պատահածին ու պատահողին մասին: Յարձակումը նախաձեռնողները թրքամէտ ուժեր են, սակայն Թուրքիա կը յայտարարէ, որ ինք տեղեակ չէ եղած յարձակումէն: Ռուսիա յայտնապէս տեղեակ եղած է պատահելիքին մասին, բայց ոչ մէկ քայլ ձեռնարկած է կանխելու համար յարձակումը: Դժուար է, ճշմարիտ տեղեկատուութեան բացակայութեան, վերլուծում կատարել, Ասթանայի համաձայնութեան խախտումին պատճառը հասկնալ, Սուրիոյ մէջ գտնուող բազմաթիւ ուժերուն հեռակայ նպատակները իմանալ ու նախատեսութիւններ կատարել: Այս պահուն, անորոշութեան տիրապետումը գալիքին նկատմամբ վախեր կը սնուցանէ եւ սպաննիչ սպասում կը թելադրէ:
Բնականաբար մեր մտահոգութեան գլխաւոր, նաեւ եսակեդրոն, նիւթը Սուրիոյ հայկական գաղութն է: 1960-ական թուականներէն սկսեալ, այս գաղութը յաջորդական տագնապներ դիմագրաւեց, ցնցումներ ու կորուստներ ունեցաւ, նօսրացաւ: Իւրաքանչիւր տագնապէ ետք, համայնքը վերակազմակերպուեցաւ եւ պահպանեց իր ազգային կառոյցները: Նոյնիսկ փոքր ուժերով հանրային կեանքին կենդանութիւն տուաւ եւ մնաց` սփիւռքեան իրականութեան յարափոփոխ պայմաններուն մէջ` հայութեամբ եւ Հայաստանով բաբախող կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը: Այժմ, կրկին տագնապ է:
Մերձաւոր Արեւելքի հայաստանամերձ գաղութները ենթակայ եղան ու կը շարունակեն ըլլալ քաղաքական անապահով պայմաններու, որոնք ստեղծուած անորոշութիւններուն հետ կը բերեն տնտեսական տագնապ, ֆիզիքական վտանգ, ապագայ տեսլականի բացակայութիւն: Միւս կողմէ, սակայն, այս գաղութները իրենց ստեղծած ազգային կառոյցներով ամբողջ սփիւռքին հայթայթեցին մտաւորական եւ կազմակերպական մարդուժ: Հիմա թէեւ նսեմացած են, սակայն ունին բաւարար ներուժ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ վերականգնելու եւ վերաշխուժանալու:
Մերձաւորարեւելեան գաղութներու ու անոնց հնագոյնին` սուրիահայութեան պահպանումը հայութեան ու Հայաստանի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունին: Խաղաղութեան որոնումը, ի նպաստ խաղաղութեան ու անվտանգութեան դիրքորոշումը, ի հարկին օժանդակութիւնը խաղաղութիւն ցանկացող ուժերուն, մեզի` հայերուս համար կենսական կարեւորութիւն ունին:
Մինչեւ խաղաղութեան հաստատումը աշխատինք պահպանել մեր ունեցածը, սկսած մեր թուահամարէն մինչեւ ազգային կառոյցները: Այժմ սուրիահայութիւնն է տագնապահար դարձած: Զօրավիգ կանգնինք իրենց, օժանդակենք գործող մարմիններուն, մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ ձեռք մեկնենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Սրտագին ողջոյն` սուրիահայութեան:
Comments are closed.