Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտներ գնահատանքի կ՚արժանանան Համազգայինի կողմէ

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնն ու Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը շնորհաւորեն Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի «Բաստրմաճեան» երկրորդականի աւարտական դասարանէն Արիանէ Թասլաքեանն ու Թալիա Ճապրայեանը՝ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մէջ բարձրագոյն միջինը ապահովելու առիթով: Առ ի գանահատանք՝ Համազգայինը պիտի հովանաւորէ Արիանէի եւ Թալիաի մասնակցութիւնը 2018 տարեշրջանին կայանալիք Համազգայինի Ուսանողական հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւան:

«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.