Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի 2016-2017 տարեվերջի հանդէսը

«Սուրբ Յակոբ դպրոցը երկրորդ տունս է», այս սրտաբուխ նախադասութիւնը տարիներու ընթացքին մնայուն կերպով կը գտնենք շրջանաւարտներու կարճ ինքնակենսագրականներուն մէջ, որոնք լոյս կը տեսնեն վարժարանի յիշատակ-տարեգրքին մէջ։ Այս տարի, Կիրակի, 18 Յունիս 2017-ին, կարգն էր  երկրորդական Ե․ կարգի 45 աշակերտներուն՝ մնաք բարով ըսելու իրենց «երկրորդ տան», վկայականաց բաշխման հանդիսութեամբ:

Այս հանդիսաւոր պահը տեղի ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» թատերասրահէն ներս, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Կրթական Գործադիր մարմնին, պատկան մարմիններու, միութեանց եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի բարերարներուն եւ մրցանակներու նուիրատուներուն, նախկին տնօրէնութեանց անդամներուն, ուսուցիչներուն, շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ հիւրերուն։

Հանդէսին սկիզբը տնօրէնութեան եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, հաստատ քայլերով սրահէն ներս մուտք գործեցին 2017-ի հունձքի շրջանաւարտները։ Առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ հանդիսավար պրն․ Մհեր Գարագաշեան, որ իր  բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան աւարտին։

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան երկրորդականի Դ․ կարգէն Մալվինա Պուտաղեան, որ դաշնամուրի վրայ կատարեց Առնօ Պապաճանեանի «Մեղեդի» կտորը եւ երկրորդականի շրջանաւարտ Ե․ կարգէն Վազգէն Նարեկ Գարագաշեան, որ ասմունքեց Զ․ Խրախունիի «Լեռը»։

Գեղարուեստական բաժնին յաջորդեց Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի տիկ․ Լենա Գատեանի խօսքը․ ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ ապա շրջանաւարտներուն ըսաւ․ «Հպա՛րտ եղէք եւ մի՛ մոռնաք, որ ձեր ծնողները, ձեր վարժարանը եւ ձեր համայնքը կը հաւատայ այն առածին, որ կ’ըսէ . «Լաւ կրթութիւն մը աւելի կ’արժէ քան ժառանգութիւն մը»․ դուք ունեցաք երկուքը՝ թէ՛ լաւ կրթութիւն եւ թէ՛ հայ ըլլալու եւ Քեպէգի ապագայ չափահաս քաղաքացիները դառնալու ժառանգութիւնը»։ Տիկ․Գատեան ընդգծեց, որ այս բոլոր իրագործումները կարելի չէր ըլլար ձեռք բերել առանց դասատուներուն ջանքերուն․ ան սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն՝ իրենց նուիրումին եւ օրինակելի տիպար հանդիսանալնուն համար։

Տիկ․ Գատեան յիշեցուց նաեւ աշակերտներուն, որ «առանձնաշնորհեալ երեխաներ եղան», սակայն «առանձնաշնորհումին հետ կու գայ պատասխանատուութիւնը», «Մենք ձեզի կը վստահինք՝ բարձր պահելու Սուրբ Յակոբ վարժարանի ջահը ձեր անձնական եւ աշխատանքային ձեռնարկութիւններուն մէջ, եւ մանաւանդ՝ բարձր պահելու մարդկութեան ջահը»։

Ան շարունակեց ըսելով․ «Վկայականներու բաշխումէն առաջ, կ’ուզեմ բեմ հրաւիրել երկու հրաշալի աշակերտներ՝ Քարէն Սերայտարեանը եւ Մուշեղ Ճապաղջուրեանը, որոնք Գանատա ժամանելէ ետք մեր դպրոցը յաճախեցին վերջին երեք տարիներուն ընթացքին եւ որոնց մէկ կամ երկու նիւթ կը պակսի՝ ստանալու իրենց երկրորդականի վկայականը՝ շնորհիւ իրենց բացառիկ աշխատանքին, անոնք ամբողջացուցին ֆրանսերէնի տիրապետութեան (francisation) ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Քեպէգի կրթական ծրագրի  նիւթերու մեծամասնութիւնը»։

         Տիկ․ Լենա Գատեան անդրադարձաւ նաեւ յատուկ նուիրատուութեան մը՝ բժ․ Արի եւ տիկ. Փաթիլ Մկրտիչեաններու կողմէ տարեկան $1,000 նուիրատուութեան՝ յառաջիկայ 10 տարիներուն համար, որ պիտի յատկացուի մանկավարժական նորութիւններ կիրարկող ուսուցիչներուն գնահատման։ Այս տարուան մրցանակ ստացողներն էին տիկ. Հուրի Տալալեան, պրն. Քրիստիան Պայկըն եւ պրն. Guillaume Lamontagne, որոնք ստացան նաեւ գնահատական յուշատախտակներ  բժ. Մկրտիչեանի կողմէ:

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին տիկ․Գատեան եւ տնօրէնութեան անդամ տիկ․ Լոռի Ապրաքեան (մրցանակներու ամբողջական ցանկը տեսնել ստորեւ)։

Անկէ ետք ժամանակն էր շրջանաւարտներու խօսքերուն․ ֆրանսերէնով ուղերձը կատարեցին Թալիա Ճապրայեան եւ Դալար Տիմիթեան, իսկ հայերէնով՝ Արիանէ Թասլաքեան եւ Արա-Անդրանիկ Թօփուզեան։ Այլ յուզումնալից պահ մը եւս տեղի ունեցաւ՝ այս տարուան հունձքին կողմէ Արա-Անդրանիկ Թօփուզեանը գնահատանքի յուշանուէր մը յանձնեց ընդհանուր տնօրէնուհի տիկ. Գատեանին:

Պրն. Մհեր Գարագաշեան բեմ հրաւիրեց նաեւ տիկ. Վերա Եագուպեանը որ, իր կարգին, Ծնողաց յանձնախումբին կողմէ գեղեցիկ ծաղկեփունջով մը շնորհակալութիւն յայտնեց տիկ. Գատեանին:

Հանդէսի աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը՝ շեշտելով հայ վարժանի էական դերը ապագայ հայ սերունդներու կերտման մէջ։ Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց «Պահպանիչ»ով։

         Ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն ներքեւ աւարտականի աշակերտներու ելքով աւարտեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը։

Մրցանակներ եւ պարգեւներ

– Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի Շրջանային ու Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի զոյգ վարչութիւններուն կողմէ պարգեւատրուեցանԱրիանէ Թասլաքեանն ու Թալիա Ճապրայեանը, որոնք բարձրագոյն միջինը ապահոված էին հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մէջ. պարգեւը 2018 տարեշրջանին Երեւանի մէջ կայանալիք Համազգայինի Ուսանողական հաւաքին մասնակցիլ է:

– Լաւալի Ս․ Գէորգ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տրամադրած մրցանակին արժանացան Դալար Տիմիթեան եւ Թալիա Ճապրայեան, որոնք բարձրագոյն միջինը ապահոված էին ֆրանսերէնի մէջ։

– Ի յիշատակ Սարգիս Ղազարեանի տրամադրուած մրցանակը ստացաւ Ճոնաթան Չարֆաճեան, որ բարձրագոյն միջինը ապահոված էր հայոց պատմութեան նիւթին մէջ։

– Ի յիշատակ Մարիամ եւ Ղազար Ղազարեաններու տրամադրուած մրցանակը ստացաւ Արիանէ Թասլաքեան, որ բարձրագոյն միջինը ապահոված էր հայկական մշակոյթի նիւթին մէջ։

– ՀՕՄ-ի  Մոնթրէալի «Սօսէ»  մասնաճիւղի մրցանակին արժանացաւ Վանի Զաքարեան, որ իր դպրոցական աշխատանքներուն կողքին կը մասնակցի նաեւ գաղութիս միութիւններու ակմբային աշխատանքներուն։

– ՀՕՄ-ի  «Շուշի» մասնաճիւղի մրցանակով պարգեւատրուեցան Արա-Անդրանիկ Թօփուզեան եւ Դալար Տիմիթեան, որոնք ընդհանուր գնահատելի միջիններ ապահոված էին։

– Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կողմէ պարգեւատրուեցան Դալար Տիմիթեան, Թալիա Ճապրայեան եւ Ճոնաթան Չարֆաճեան, որոնք հայոց պատմութեան եւ պատմութեան նիւթերուն մէջ ապահոված էին բարձրագոյն միջինները։

– Գանատայի Առեւտրականներու խորհուրդին տրամադրած մրցանակին արժանացան Դալար Տիմիթեան եւ Թալիա Ճապրայեան, որոնք բարձրագոյն միջինները ապահոված էին անգլերէնի մէջ։

– Գանատայի Առեւտրականներու խորհուրդի գործարարութեան (entrepreneuriat) մրցանակին արժանացաւ Արաքս Թորոյեան։

– Քեպէգի Հայ Բժշկական Միութեան (AMAQ) կողմէ պարգեւատրուեցաւ Ռաֆայէլ Պօտուէն Մանուկեան, որ բարձրագոյն միջինը ապահոված էր թուաբանութեան եւ գիտութիւններու նիւթերուն մէջ։

– ՄըգԿիլ համալսարանի կրթանպաստներ ստացան Արա-Անդրանիկ Թօփուզեան (գիտութեան նիւթերուն համար) եւ Լոռի Մղտեսեան (պատմական նիւթերուն համար)։

– Տէր եւ տիկին Փիէռ Ասլանեաններուն կողմէ պարգեւատրուեցան Դալար Տիմիթեան եւ Թալիա Ճապրայեան, որոնք տարիներու ընթացքին վարժարանիս Meritas վկայագրին արժանացած են։

– Գիտութեան մէջ գնահատելի միջիններ ապահոված ըլլալնուն համար, բժ․ Կարպիս Հարպոյեանի նուիրած գրքերը ստացան Արա-Անդրանիկ Թօփուզեան, Գարին Զաքարեան, Դալար Տիմիթեան, Էմիլի Տորամաճեան, Սալբի Թորոսեան, Վանա-Մարիա Յակոբեան եւ Ռաֆայէլ Պօտուէն Մանուկեան։

– Հայերէնի մէջ գնահատելի միջիններ ապահոված ըլլալնուն համար, բժ․Կարպիս Հարպոյեանի նուիրած գրքերը ստացան Արա-Անդրանիկ Թօփուզեան, Արիանէ Թասլաքեան, Էմիլի Տորամաճեան, Թալիա Ճապրայեան, Լոռի Մղտեսեան եւ Վիքթորիա Սվանցեան։

– Վայելուչ վարուելակերպի համար վարժարանիս ընդհանուր տնօրէնուհիին կողմէ տրամադրուած մրցանակը ստացան Առէն Մելքոնեան, Սարգիս Ղազարեան, Վանա-Մարիա Յակոբեան եւ Վանի Զաքարեան։

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը այս հաղորդագրութեան առիթով կ’ուզէ յայտարարել, թէ Թալիա Ճապրայեան արժանացաւ Gouverneur Général-ի մետալին՝ 2016-2017 տարեշրջանին ընդհանուր բարձրագոյն միջինը ապահովելուն համար, ինչպէս նաեւ Քեպէգի Մաթեմաթիքի միութեան (Association mathématique du Québec) կողմէ պատուոյ գիր կը ստանայ Սեւակ Պաղտասարեան, որ 8-րդ հանդիսացաւ նահանգի ընդհանուր դասաւորման մէջ։

Սրտագին շնորհաւորութիւններ Սեւակին, Թալիային եւ մեր բոլոր մրցանակակիրներուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.