Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտները այցելեցին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Տօնական օրերուն առթիւ, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտները՝ մարդասիրական, բարեսիրական, լրատուական եւ մշակութային միութիւններուն ու կառոյցներուն իրենց տուած երախտագիտական այցելութիւններու ծիրէն ներս, 17 Դեկտեմբեր 2019-ին այցելեցին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն, վարժարանի տնօրէն տիկ. Լորի Ապրաքեանի ընկերակցութեամբ:

Այցելութեան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 40-ամեայ գործունէութեան, բաժանմունքներուն եւ անձնակազմին:

Աշակերտները, իրենց կարգին, առ ի երախտագիտութիւն «Հորիզոն»ի անսակարկ աջակցութեան, իրենց իսկ կողմէ պատրաստուած յատկանշական նուէր մը փոխանցեցին անձնակազմին եւ, փոխադարձաբար, ստացան «Հորիզոն»ի եւ բացառիկ յաւելուածի վերջին թիւերը:

Նշենք, որ «Հորիզոն»ի  Մանկապատանեկան յաւելուածը շնորհիւ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հետ «Հորիզոն»ի համագործակցութեան՝ կը տրամադրուի Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարաններուն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.