Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ժամերգութեամբ եւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով նշուեցաւ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ տօնին առիթով քարոզեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեան։ Սուրբ խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր Հայրերը, սարկաւագներն ու դպիրները, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Զարեհ Ազնաւորեան» Դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ տիկին Անուշ Գալուստեանի։ Սրբազան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հաւատացեալներու խուռն մասնակցութեամբ։

Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ սրբալոյս միւռոնով ջրօրհնէքի արարողութիւնը՝ ի յիշատակ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան։ Ջրօրհնէքի կնքահայրներն էին՝ Յովհաննէս Պէպէճեան, Շանթ Թէլեան եւ Երեմիա Գէորգեան։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ տիկին Ծովիկ Թէրզեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ երեսփոխաններ։

Ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ` Տ. Հայկ Քահանայ Շահինեան եւ քաղաքական դէմքեր՝ նախարար Սթիվըն Լեչչէ, երեսփոխաններ Արիս Պապիկեան եւ Ճոնաթըն Ցաօ։

Պատարագի աւարտին անոնք իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին եւ շնորհաւորեցին Հայ համայնքը Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով։