Սուրբ Ծննդեան առթիւ քաղաքական պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ՝ ընդունելութիւն Լաւալի Հայ կեդրոնէն ներս
- (0)

Կազմակերպութեամբ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 7 Յունուար 2026-ին, Լաւալի Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծնդեան տօնին առթիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, ներկայութեամբ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու։
Աւանդութիւն դարձած սոյն ընդունելութեան ներկայ էին Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամներ՝ Քարլոս Լէյթաօ եւ Անժելօ Եագոնօ, Քեպէգի նահանգային խորհրդարանի անդամներ՝ Սելին Հայթայեան եւ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ` Վասիլիոս Քարիճիանիս, Ռէյ Խալիլ, Ակլէա Ռեվելաքիս, Սեդա Թոփուզեան, Ալին Տիպ, Մարթին Ֆիոլա, Սիլվէյն Իէլ եւ Լուի Լորթի, ինչպէս նաեւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Լաւալի եւ Մոնթրէալի կոմիտէներու ներկայացուցիչներն ու անդամներ, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ եւ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Արեւիկ Աֆարեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, յայտնելով հայ համայնքի ջերմագին բարեմաղթանքները: Աֆարեան իր խօսքին մեջ շեշտեց, թէ հակառակ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն ու նամանաւանդ արցախեան հիմնահարցի անլոյծ կարգավիճակին, Հայ Դատի յանձնախումբերը բարձր յանձնառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը, ի խնդիր արցախահայութեան իրաւունքներու վերատիրացման եւ Հայաստանի բարօր ու ապահով զարգացման։
Խօսք առաւ նաեւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամ Սագօ Եագուպեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ընտրեալ պաշտօնատարներուն՝ տարատեսակ հարցերու շուրջ անոնց ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Լաւալի հայ համայնքի յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ անոնց ուղղութեամբ տարուող ընքացիկ աշխատանքներուն։
Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի սեղաններու օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկում:






