Սոթքի ուղղութեամբ 17 մայիսին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու կրակոցին պատճառով նահատակուած է զինուոր Էտկար Վահանի Սուլէյմանեանը (ծնեալ` 2003-ին): «Արմէնփրես»-ին այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորուստի ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ նահատակուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 17 մայիսի ժամը 16:15-ի սահմաններուն մէջ կրակ բացած էին Սոթքի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ մահացու վիրաւորում ստացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորը:
Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները այնուհետեւ կրակ բացած էին նաեւ վիրաւոր զինուորը տեղափոխող շտապօգնութեան մեքենային ուղղութեամբ: Շտապօգնութեան մեքենայի ուղղութեամբ հակառակորդի բացած կրակէն վիրաւորուած էր նաեւ բժշկողը:
Comments are closed.