Սթեֆան Տիոնը Հայաստանի մօտ Գանատայի յատուկ դեսպանորդ պատուիրակ նշանակուեցաւ
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Յունիս 25ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Սթեֆան Տիոնի Հայաստանի մօտ որպէս յատուկ դեսպանորդ պատուիրակ նշանակումը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այս օրերուն, երբ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ադրբեջանական բռնարարքները թափ ստացած են, Հայաստանը կը դիմագրաւէ աննախընթաց մարտահրաւէրներ եւ այս ծիրէն ներս Գանատայի քաղաքական ներգրաւուածութեան աճը կրնայ առանցքային դեր ունենալ Հայաստանի համար յետպատերազմեան մարտահրաւէրները լուծելու, միշտ նկատի ունենալով Արցախի հայ բնակչութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը և անկախութեան ձգտումը:
Յանձնախումբը լիայոյս է, որ Գանատա-Հայաստան աւելի խոր և ամուր յարաբերութիւններու հաստատման համար պարոն Տիոնի նշանակումը շօշափելի արդիւնքներու կը հասնի և օգտակար կը հանդիսանայ լուծել բազմաթիւ խնդիրներ:
«Պարոն Տիոնը եղած է գանատահայ համայնքի վաղեմի բարեկամը և մենք վստահ ենք, որ իր գիտելիքներու և դիւանագիտական փորձառութեան հարստութիւնը պիտի խթանէ Գանատա-Հայաստան հեռանկարային յարաբերութիւնները», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը։
Նշենք, որ 2014-ին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներու ուղեկցութեամբ պարոն Տիոնը այցելեց Հայաստան և Արցախ, ուր ան կատարեց փաստահաւաք առաքելութիւն:
Նշենք նաեւ, որ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, տարիներու ընթացքին, Գանատայի իրերայաջորդ կառավարութիւններէն միշտ պահանջած է գանատական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ եւ նոր դեսպանորդի նշանակումը տարիներու այդ հետեւողական աշխատանքի արդիւնքն է։
Քաղաքական իր ասպարէզի ընթացքին Սթեֆան Տիոն ծառայած է որպէս Գանատայի արտաքին գործոց նախարար, Գերմանիոյ մօտ դեսպան, ինչպէս նաեւ շրջան մը եղած է Գանատայի Ազատական կուսակցութեան ղեկավար։