Սեւ Ծովի ափերուն մօտ կը լողան ահագին քանակութեամբ դիակներ հայերու եւ յոյնելու. «Հայաստան», 1 Օգոստոս 1915
- (0)

Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրութիւններու աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերը եւ հետագային՝ 1919–1925։
Ստորեւ կը հրապարակենք 1 Օգոստոս 1915-ի թիւէն կարճ լրատուութիւններ.
Հայկական հալածանքը
Փախստականները
Պետերսբուրգ, 27 յուլիս.- Պետական Դումայի անդամ Մ. Պապաջանեան այսօր ստացաւ Թիֆլիսի առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկոպոսէն հետեւեալ հեռագիրը․
«Իգտիր հասան 60,000 հայ գաղթականներ, որոնք կը փախչին թուրքական գազանութիւններէ: Վանի շրջանէն կը սպասւի դարձեալ 100,000 հոգի: Հաւանական է նաեւ քրիստոնեաներու գաղթը Պարսկաստանէն»:
Նոր սպանութիւններ
Եօզղատէն 7 բանտարկեալ Էնկիւրի բերելու միջոցին ճամբան վեցը սպաններ են. եօթներորդը առանձին բերած են:
Սպաննուածներէն չորսը Դաշնակցականներ են – դեղագործ Վահան Վարդանեան, Յ. Փօլատ, Մկրտիչ Ղարիպեան եւ Յ. Վարդիկեան, որոնք Սեբաստիայէն Եօզղատ փոխադրուած էին: Հինգերորդը Հնչակեան մըն է, եթէ չենք սխալիր, Մուրատ անունով:
Իթթիհատեաններու ցինիզմը
Օտար դիւանագէտ մը հայկական աղէտի մասին դիմած լինելով Թալէաթին՝ վերջինս շնական անպատկառութեամբ պատասխաներ է:
Երբ դիւանագէտը դիտել տուեր է, թէ յղի կիներն անգամ չեն խնայեր, Թալէաթը ըսեր է. «Թող քիչ ծնեն. ի՛նչ պէտք կայ որ այդչափ շատ տղայ ունենան»: Իսկ դիւանագէտի այն դիտողութեան թէ՝ ծերերն ու պառաւները ճամբան, լեռներուն վրայ, անխնամ կը ձգուին, Թալէաթը պատասխաներ է. «Չէ՞ որ արդէն պիտի մեռնին. տունն է եղեր թէ դուրսը, միեւնոյնն է»…
Նիկոմիդիոյ շրջանը
Պրուսայի հայ հարուստները իսլամացուցած են, աղքատները քշած: Շատերն իրենց զաւակները քանի մը մէճիտի ծախած են թուրքերուն:
Ատաբազարի ժողովուրդը ահագին վայնասուն հանած է կայարանը: Կառավարութիւնը, վախնալով որ թուրքերը կ’ազդուին, թմբուկներով թաղերը մունետիկ պտտցուցեր է՝ թէ հայերը շատ գէշութիւններ ըրած են, ռումբեր կը շինեն եւայլն:
Դրամ ունեցողները կառախումբով ղրկած են, միւսները, ոտքով: Իբր թէ Գոնիայէն 18 ժամ անդին տեղ մը պիտի երթան:
Աքսորներ Պոլիսէն
Վերջին օրերը Պոլիսէն հարիւրէ աւելի հայեր ձերբակալուելով աքսորւած են անյայտ տեղեր:
Աքսորուածները մեծ մասով շուկայի շուրջը եղած խաներու մէջ ապրող վանեցիներ, սեբաստացիներ, տիւրիկցիներ են:
Պոլիսէն հեռանալը հայերու համար այսօր անհնարին է. կիներն են միայն որ առայժմ կրնան, ան ալ մեծ դժուարութիւններով, դուրս գալ Թուրքիայէն:
Դիակները
Վերջին օրերը` Սեւ Ծովի ասիական ափերուն մօտ կը լողան ահագին քանակութեամբ դիակներ հայերու եւ յոյնելու, որոնք թուրքերու կողմէ սոսկալի տանջանքներու ենթարկուելէ ետք՝ սպաննուած եւ ծովը նետուած էին:
Դիակներէն ոմանց ձեռքերն ու ոտքերը կապած են: Ըստ երեւոյթին, այդ դժբախտները կապելով բերած ծովը նետած էին: