Սերժ Սարգսեան. «Մեզի իշխանափոխութիւն պէտք է, ոչ թէ քանի մը աթոռ»
- (0)

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան 18-րդ համագումարի ընթացքին երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերընտրուեցաւ կուսակցութեան առաջնորդ եւ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ՀՀԿ-ն այս անգամ ուղղակիօրէն պիտի չմասնակցի համապետական ընտրութիւններուն։
Իր ծաւալուն ելոյթին մէջ Սարգսեան խիստ քննադատութեան ենթարկեց գործող վարչակարգը՝ զայն որակելով «աղետաբեր ռեժիմ» եւ մեղադրելով 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան ու երկրի նուաստացման համար։ Նախկին նախագահը պարզաբանեց, որ իրենց նպատակը ոչ թէ քանի մը պատգամաւորական աթոռ ստանալն է, այլ իշխանափոխութեան հասնիլը, ուստի կուսակցութիւնը պիտի կեդրոնանայ ընդդիմադիր դաշտի ջանքերուն սատարելու եւ քաղաքացիներուն քուէարկութեան մղելու վրայ։
Սերժ Սարգսեան նաեւ յստակեցուց, որ թէեւ ՀՀԿ-ն որեւէ առանձին ուժի պաշտօնապէս պիտի չի սատարէ, սակայն պիտի աշխատի, որպէսզի իրենց համակիրներու ձայները միանան իրական ընդդիմութեան՝ կանխելու համար ներկայ իշխանութեան վերարտադրումը։
Անդրադառնալով չմասնակցելու պատճառներուն՝ երրորդ նախագահը խոստովանեցաւ, որ ներքին հարցախոյզներու համաձայն՝ «Հայաստան» դաշինքի վարկանիշը աւելի բարձր է, եւ այսօր ընդդիմութեան առաջատարը «Ուժեղ Հայաստան»-ն է։ Որպէս գործնական քայլ, ան առաջարկեց ընդդիմադիր միւս ուժերուն համատեղ քաղաքացիական գործուղութիւններով հանդէս գալ մայիսին կայանալիք միջազգային գագաթնաժողովներու օրերուն՝ արտերկրի ներկայացուցիչներուն երկրի իրական վիճակը ցոյց տալու համար։