Սարդարապատի յաղթական նշաձողը բարձր պահելու գուպարայաղթ վճռակամութեամբ

«Ցոյց տանք աշխարհին, որ հայը ազատ, անկախ ապրելու իրաւունք ունի: Այժմ կամ երբեք»

Արամ Մանուկեան

1918-ի Մայիսեան հերոսական գուպարներէն ետք կերտուեցաւ պետականազուրկ հայութեան գերագոյն տեսլականը՝ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Սարդարապատեան խոյանքնքներէն 104 տարի ետք, Արցախեան Բ. Պատերազմի կորուստները ի մի բերելով, կանգնած ենք հաւատոյ մեր հանգանակ անկախութիւնն ու հայու ազգային արժանապատուութիւնը կորստեան մատնելու վտանգին դէմ յանդիման։ Պատճառը՝ «Նոր Հայաստան»ի «յեղափոխական» իշխանութեանց քառամեայ անպատասխանատու վարքագիծն է, որուն իբրեւ հետեւանք՝ չարաշահուած է քաղաքացիին վստահութիւնն ու իրաւունքը եւ ծայրայեղօրէն վտանգուած է պետութեան ինքնիշխանութիւնը։

Չորս տարիներու ընթացքին, ժողովուրդի իշխանութեան, օրէնքի արդար կիրառման, քաղաքացիական իրաւունքի գերակայութեան խոստումները ոչ միայն չեն իրագործուած, այլեւ՝ վերածուած են այսօրուան իշխանութեանց լոզունգաբանութեան, սոփեստաբանութեան եւ կեղծիքի խարխափող ծրագրին, որուն արդիւնքն են համազգային մեր նուաստացումներն ու անձնատուողական քաղաքական ուղին: Համազգայինը կը շեշտենք, որովհետեւ, Սփիւռքահայութեան հետ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ ամրագրելու փոխարէն՝ այսօր առկայ է փոխ յարաբերութիւններու խորթացումը, եւ գործող իշխանութեանց կողմէ յստակ ու միտումնաւոր քայլերով՝ Սփիւռքի հայօճախներու մէջ պառակտման սերմանումը։

Նորանկախ Հայաստանի ծննդոցէն ի վեր, պետութեան ազգային անվտանգութեան առանցքային խնդիրը եղած է Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան եւ արցախահայութեան բարօրութեան երաշխաւորումը: Այս տեսանկիւնէն գործող իշխանութիւնները ձախողած են պաշտպանել երկրի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ քաղաքացիի ֆիզիքական ապահովութիւնը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներուն համար կենսական նշանակութիւն էր պետութեան սահմաններու ամրագրումը եւ այդ ուղղութեամբ, 1918-1920 ժամանակահատուածին, Լոռիի, Արցախի եւ Սիւնիքի տարածքներու պաշտպանութիւնը հայրենակերտման գլխաւոր մտասեւեռումն ու նպատակակէտն էր։ 104 տարի ետք, այս իշխանութեանց ձախաւեր գործունէութեան իբրեւ արդիւնք, ոչ միայն Արցախի պատմականօրէն հայապատկան հողերէն տարածքներ կորստեան մատնուած են, այլեւ տարածքներ յանձնուած են եւ կը յանձնուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան սահմաններէն։

Առաջին Հանրապետութեան ընձիւղումէն 100 տարի ետք, Արցախեան պատերազմի  աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական ենթախորքը մնացած է նոյնը։ Թշնամին կը պահանջէ հայկական պատմական տարածքները, այնպէս ինչպէս 1919-ին Պաքուի իշխանութիւնները նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէին Շուշին, Գանձակի լեռնամասը, Շարուրն ու Նախիջեւանը, Մարտակերտը, Սիւնիքը եւ Երեւանի յարակից ենթաշրջանները։ Հայաստանին կը մնար միայն այնքան տարածք՝ որ կրնար իր մէջ պարփակել Երեւան, էջմիածին, Գիւմրի Դիլիջան, վտիտ եռանկիւնը։ Պատերազմի աւարտէն ետք, այսպէս կոչուած սահմանազատումներու քողին տակ, այս իշխանութեանց կողմէ թշնամիին յանձնուած են աւելի քան 30 քառակուսի քիլոմեթր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներէն։

Անբարեյոյս կացութենէն դուրս գալու եւ վիճակը յեղաբեկելու նպատակով թափ առած հայրենի Դիմադրութեան շարժման գերակայ հիմնախնդիրն է կանխարգիլել ազգակործան գահավիժման ընթացքը եւ այդ առումով կը նպատակադրէ իշխող խմբաւորման հեռացումը եւ ճգնաժամի յաղթահարման համար յառաջնել Ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն։

Համաժողովրդային ցասումը արդարացի է: ժողովուրդը պէտք է թելադրէ իր կամքը` որ իշխանափոխութեան պահը հասած եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբաւորման միակ ելքը՝ հրաժարումն ու անցնցում հեռացումն է։

Զուգահեռաբար, օրուան հրամայական է նաեւ հայոց բանակի վերազինումը՝ գիտարուեստի բարձրորակ ներդրմամբ, զինուած ուժերու մարտունակութեան եւ պատրաստուածութեան յագեցած արդիւնաւէտութեամբ։

Յաղթանակը վերակերտելու մարտահրաւէր ունինք։ Այդ յաղթանակը կերտելու համար, անհրաժեշտ է մեր ազգային հոգեկերտուածքն ու իտէալները վերականգնել, եւ վերընձիւղուիլ պատմական մեր գոյամարտերու՝ սարդարապատներու եւ շուշիներու ակունքներէն։ Այդ ձեւով միայն կը դարբնենք իսկական պետութիւնը, արդար ու ապահով երկիրը՝ համայն հայութեան հայրենիքը։

Այսօրուան մեր գոյութենական ոգորումներուն ընթացքին, բարձր պահենք Սարդարապատի գեղարդակիր յաղթական նշաձողը, մեր կեանքն ու կամքը՝ հայրենիքին,

«Հորիզոն»

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.