Սարգիս Զէյթլեան հայրենապաշտ էր եւ կ՚ուզէր ազգային մտածողութիւն ներարկել հայկական իրականութեան մէջ. Հարցազրոյց «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքի հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեանի հետ

Horizon Weekly Newspaper

Այս տարի կը նշուի Հայկական արեւելումի գաղափարախօս, դաշնակցական սերունդներու դաստիարակ, աննկուն առաջնորդ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակը։ Այս առթիւ «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքի հեղինակ, ազգային գործիչ եւ կրթական մշակ Կարօ Յովհաննէսեանի հետ: Ստորեւ այդ հարցազրոյցը.

Հ.- Ձեր հրատարակած «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքին կողքին վրայ կը նշուի Ա. հատոր եւ այս հատորին մէջ պարփակուած են Ս. Զէյթլեանի կեանքը, ուսուցչական եւ տնօրէնութեան ժամանակահատուածը եւ «Յուսաբեր»ի ու «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի մէջ լոյս տեսած իր հրապարակագրական էջերը։ Վստահաբար աշխատանք կը տանիք Բ. հատորին վրայ. ի՞նչ են Բ. հատորի ենթաբաժանումները։
Կ.Յ.- Նախ յայտնեմ, որ այս գործին գաղափարը 2015-ին ծնունդ առած է մէջս, բայց որովհետեւ ուսուցչական ասպարէզի մէջ էի, բանասիրական աշխատանքը չէի կրնար անհրաժեշտ չափով կատարել: Մինչեւ 2020 թուական խմբագրական աշխատանքի առումով գրեթէ բան չեմ ըրած, այլ իր հետ իմ ունեցած յուշերս գրի առած եմ եւ կարգ մը տեղեկութիւններ հաւաքած:

Նշեմ, որ իր յօդուածները գտնելը բաւական դժուար եղաւ, որովհետեւ խմբագրականները ստորագրուած չեն, ինչպէս բոլոր մեր միւս թերթերու խմբագրականները, բայց ես ցանկ մը պատրաստած էի, ապա իր կողակիցին՝ Սոնա Զէյթլեանի ունեցած ցանկին հետ բաղդատելով գործի լծուեցայ:

Պէտք է ըսել, որ իր յօդուածները շատ շատ են, մանաւանդ որ Զէյթլեան այնպիսի շրջանի մը խմբագիր եղած էր, որ կը զուգադիպէր 1961-ի թեմական ընտրութիւններուն տեղի ունեցած սուր ընտրապայքարին, եւ այն ատեն ո՛չ Նաւասարդեանը ողջ էր, ո՛չ Գաբրիէլ Լազեանը եւ ո՛չ ալ Բենիամին Թաշեանը գործի վրայ էր: Հետեւաբար Սարգիս Զէյթլեանն էր, որ դէմ պիտի դնէր հակադաշնակցական բոլոր գրութիւններուն:

Բուն աշխատանքս սկսած է 2020-էն ետք, տեղեկութիւնները հաւաքելէ ետք, որովհետեւ որեւէ ուսումնասիրութեան պարագային տեղեկութիւնները հաւաքելը գործին մեծ մասը կը կազմէ: Չորս անգամ Շիքակօ աղջկաս մօտ գալով եւ առանձնանալով ու նուիրուելով այս աշխատանքին, անցեալ տարի՝ 2024 թուականին, աւարտեցի գործը:

Սկիզբը իմ նպատակս էր մէկ հատորի մէջ իր ամբողջ գործունէութիւնը եւ իր տաղանդին բոլոր կողմերը ներկայացնել: Բայց գործը այնպիսի ընթացք առաւ, որ երբ խմբագրականներն ու հրապարակագրական էջերը թէ՛ «Յուսաբեր»ի եւ թէ՛ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած, զանազան գլուխներու մէջ ժողվեցի, անդրադարձայ, որ կարելի չէ մէկ հատորով այս բոլորը ներկայացնել:

1955-էն սկսեալ իր գործերը 816 էջի հասաւ, իսկ եթէ կիսէի, համաչափ պիտի չըլլար աշխատանքը. այսինքն կար կեանքը, տնօրէն-ուսուցիչը, որոնք այդ 816 էջին 200-225 էջը կը կազմէին, մնացեալ մօտ 600 էջը պիտի ըլլար զուտ հրապարակագրական իր գործերը երկու թերթերուն պարագային, հետեւաբար առաջին հատորը ընդգրկեց 1955-1966-ի ժամանակաշրջանը, ապա 1966-էն ետք իր գործունէութիւնը պիտի հրատարակուին յաջորդ հատորներուն մէջ:
Պատկերացումս այն է, որ 1967-1972-ի իր գործունէութիւնը, որպէս Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, եթէ կրցայ ամփոփ կերպով տալ (թէեւ պիտի չուզէի ամփոփել որեւէ ձեւով), որովհետեւ այդ տարիներուն բազմաբեղուն գործունէութիւն ունեցած է, եւ ինչպէս բանախօսութեանս մէջ ըսի, Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ իր ոսկեդարը ապրած է 1969-1972 թուականներուն, անկէ ետք՝ 1973-էն մինչեւ 1985 թուականներու Բիւրոյի իր գործունէութիւնը պիտի ամփոփեմ երրորդ հատորին մէջ:

Հատորի նախաբանին մէջ նշած եմ, որ եթէ ոմանք Զէյթլեանի մասին որեւէ արխիւային նիւթեր կամ լուսանկարներ ունին, կապուին հետս, garo.ohannessian@gmail.com հասցէով, որովհետեւ ես լուրջ դժուարութիւն ունեցայ թէ՛ արխիւներէ եւ թէ՛ զանազան բարեկամներէ հարկ եղած տեղեկութիւնները հաւաքելու: Օրինակ Ժառանգաւորացի իր դասընկերներն էին իր կենսագիրները՝ պարոն Մովսէս Այնթէպեանն ու Տէր Արսէն Քհն. Քէշիշեանը: Պօղոս Սնապեան աւելի բարձր դասարան եղած է եւ աւելի կանուխ շրջանաւարտ եղած: Ասոնք ինծի տուին իրապէս հարստացնող տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ, զորս օգտագործեցի գիրքին մէջ:

Գահիրէի մէջ իր գործունէութեան պարագային ջանացած եմ գտնել իր աշակերտները եւ անոնցմէ տեղեկութիւններ քաղել անոր դասաւանդութեան ձեւին եւ թողած տպաւորութիւններուն մասին, նոյնը նաեւ Այնճարի պարագային: Աղէկ որ հաւաքած եմ, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք մահացան:

Ես նոյնիսկ իր դասընկերուհիները գտած եմ, օրինակ տիկին Գարմէն Տէր Կարապեստեանը որ Լոս Անճըլըս է, Ֆիմի Աղասարգիսեանը, որ նոյնպէս մահացաւ, Մարի Պագգալեան Արեւեանը, որ առաջին շրջանաւարտներէն եղած է, առաւել Վարուժան Մանճեանը, որ այժմ Աւստրալիա է: Այս բոլորէն վկայութիւններ հաւաքագրած եմ, որպէսզի տեղեկութիւններ ունենամ իր դասաւանդման եղանակին եւ անոր բերած նորութիւններուն մասին: Այն ուսուցիչները, որոնք իր հետ գործած են, կը վկայեն, որ իր դպրոցավարութիւնը եղած է շատ ժողովրդավար. բոլոր որոշումները ուսուցչական ժողովներուն ընթացքին առնուած են. ան ունեցած է իր տեսակէտը, սակայն միշտ ուսուցիչներուն տեսակէտները լսելէ ետք առած է որոշումները:

1963-1965 թուականներուն, երբ Այնճարի տնօրէնը եղած է, անոր կողքին եղած է նաեւ ՀՅԴ-ի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահը, եւ իբրեւ հերթապահ իր մասին վկայութիւնները հրաշալի են: Ան երկաթի պէս ղեկավարած է Այնճարը, դէմ եղած է բոլոր անարդարութիւններուն, կաշառքին, գողութիւններուն եւ հաստատած է արդարութեամբ հաւասարակշուած դրութիւն:

Հ.- Այս տարի 50-ամեակն է Լիբանանի եղբայրասպան քաղաքացիական պատերազմին։ Սփիւռքի սրտերակը հանդիսացող լիբանանահայութեան համար այդ արիւնալի պատերազմը եղաւ անկիւնադարձային փորձաքար մը։ Լիբանանի հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու առաքելութիւնը ստանձնած էր Դաշնակցութիւնը։ Յետադարձ ակնարկով մը, ի՞նչ ուսանելի դասեր քաղեց սփիւռքահայութիւնը այդ փորձառութենէն։
Կ.Յ.- 1958-ի դէպքերը ներքին հայկական հարցեր չէին, որքան արտաքին, որովհետեւ պաղ պատերազմի ատեն աշխարհը բեւեռացած էր երկու ծայրամասերու. կար արեւմտեան թեւը, որ կը ղեկավարուէր ԱՄՆ-ի կողմէ, եւ արեւելեան թեւը, որ կը ղեկավարուէր Խորհրդային միութեան կողմէ: Շատեր կը կարծեն, թէ 1933 թուականէն ասդին եկեղեցական տագնապ ունեցած ենք մենք, բայց ես ճիշդ չեմ տեսներ ատիկա, որովհետեւ Զէյթլեան կը բացատրէ, որ եկեղեցական տագնապը 1920-էն ետք ստեղծուած է, եւ իբրեւ նոր տարր՝ համայնավար վարչակարգը պատճառ եղած է մեր եկեղեցական պառակտումին:

Նախ հիմնաւորում մը պէտք է ընել. Էջմիածնայ Կաթողիկոսութիւնը սելճուք, թուրք, թաթար արշաւանքներուն ատեն տեղափոխուեցաւ հոն, ուր որ թագաւորութիւն կար, այսինքն Ռուբինեան շրջան: 1375-ին Ռուբինեան թագաւորութեան տապալումէն ետք մինչեւ 1441 հոն գործեց իբրեւ Սիսի կաթողիկոսութիւն: Անկէ ետք կարգ մը կղերականներ Էջմիածին վերադարձան, բայց Սիսի կաթողիկոսութիւնը մնաց այնտեղ մինչեւ 1915:

1441-1920 թուականներուն որեւէ հարց չկար մեր եկեղեցւոյ մէջ: 1920-էն ետք, Զէյթլեան կ’ըսէ, որ տուեալ մը աւելցաւ, որն էր համայնավարութիւնը: Յստակ է անշուշտ, որ համայնավարութիւնը չէր ընդուներ կրօնքի գոյութիւն, որովհետեւ Գարլ Մարքսի տեսութիւնը այն էր, որ կրօնքը ժողովուրդի թմրեցուցիչ է, եւ Հայաստանի մեր եկեղեցիները վերածուեցան մթերանոցներու կամ գիշերային զբօսավայրերու: Անով հանդերձ Էջմիածինը պահուեցաւ՝ սփիւռքը ամբողջութեամբ անոր ենթարկելու հեռանկարով, եւ որով համայնավարութիւնը կարենայ տիրութիւն ընել ամբողջ սփիւռքին:

1958-ի այս խնդիրները մեծ դաս եղան մեզի համար, որովհետեւ մենք տուրք տուինք օտարներուն՝ թէ՛ լիբանանեան կառավարութեան, թէ՛ արտաքին գործակալութիւններուն: Ապա, երբ 1975-ին քաղաքացիական կռիւները սկսան, Զէյթլեանի աշխատանքը եղաւ, այլ պատասխանատուներու հետ անշուշտ, ստեղծել միասնական ճակատ, եւ բոլոր կուսակցութիւնները՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, քով քովի գալով որդեգրեցին դրական չէզոքութիւն:

Յայտնեմ, որ այդպիսով մենք 1975-ին ծուղակի մէջ չինկանք, որքան ալ լիբանանեան զանազան կողմեր աշխատեցան որ մեր դրական չէզոքութիւնը քանդուի: Բնականաբար մենք վնասներ ունեցանք, բայց գոնէ հայը հայուն դէմ որեւէ ձեւով չլարուեցաւ: Ասիկա ինծի համար մեծագոյն բարիքն էր, որուն պարագային պէտք է ըսել նաեւ որ 1965-ը՝ ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակը, առաւել 1963-ը՝ երկու վեհափառներուն հանդիպումը Եթովպիոյ մէջ, բարենպաստ պայմաններ ստեղծեցին:

Horizon Weekly Newspaper

Հ.- Տարիներով եղած էք կրթական մշակ եւ տնօրէն։ Ձեր տեսակէտով, Լիբանանի եւ ինչու ոչ սփիւռքհայ նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան թափ տալու համար ի՞նչ միջոցներ անհրաժեշտ կը նկատէք։
Կ.Յ.- Այս առնչութեամբ ըսեմ, որ 1975-էն առաջ լիբանանեան մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունէին կարգ մը հայագիտական հիմնարկներ, որոնց շնորհիւ Լիբանանը իրապէս եղած էր մարդուժ պատրաստելու կեդրոն: Կար Ֆրանսական համալսարանը, որուն Արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ ունէր Հայագիտական դասընթացք, Բարեգործականը ունէր իր Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական հիմնարկը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած եմ AUB-ի կողքին, եւ Համազգայինի Հայագիտականը, առաւել Համազգայինի Ճեմարանի վերջին 2 տարիները, լսարանական դասարաններու պարագային, ունէին հայագիտական դասընթացք, որմէ շրջանաւարտ էր նաեւ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը: Գոյութիւն ունէր նաեւ Հայկազեան Քոլէժը (այժմ համալսարան), որ բացառիկ ուսուցիչներով եւ դասախօսներով օժտուած էր, ինչպէս՝ Վահէ Օշական, Գրիգոր Շահինեան եւ այլք: Այս առումով բազմաթիւ գրագէտներ, խմբագիրներ, գործիչներ եւ կրթական մշակներ պատրաստուեցան այդ ժամանակաշրջանին:

1975-էն ասդին շատ հաստատութիւններ փակուեցան, մնացին միայն Հայկազեանի եւ Համազգայինի հայագիտականները, որոնք որոշ կասեցումներով շարունակուեցան: Կարելի է ըսել, որ միայն Համազգայինի հայագիտականէն պատրաստուեցան 160 ուսանող-ուսանողուհիներ, որոնք սփիւռքի զանազան շրջաններ երթալով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն սնունդ տուին:

2004-ին, ցաւ ի սիրտ, դադրեցաւ Համազգայինի հայագիտականը: Հակառակ անոր որ ես միշտ կ’ըսեմ, թէ նոյնիսկ եթէ 1 ուսանող ունենայինք, պէտք էր պահուէր Համազգայինի հիմնարկը, որովհետեւ իւրաքանչիւր տարին մէկ ուսանող ունենալով, 10 տարուան ընթացքին 10 հոգի պատրաստած կ’ըլլայինք:

Կեանքի զանազան երեւոյթները, առաւել ուսուցչական ասպարէզի անհրապոյր ըլլալը, նկատի առած որ շատ քիչ ամսաթոշակ կը ստանան, առաւել նաեւ որ հայագիտական ուսուցիչները ժամանակին BA-ի մակարդակով կը վարձատրուէին, պիւտճէական խախտումներու պատճառով սկսան նուազ վարձատրուիլ, այս բոլորը պատճառ դարձան, որ հայերէնագիտական դասերը անկում կրեն: Բայց միայն ասիկա չէ հարցը, յայտնեմ նաեւ որ մեր դպրոցական պատասխանատուներն ու տնօրէնները պէտք է ազգային գաղափարախօսութիւն ունենան, եւ ոչ թէ իրենց միակ մտահոգութիւնը ըլլայ պետական քննութիւններուն առաւելագոյն յաջողութիւն ապահովել:

Իմ տեսակէտովս իւրաքանչիւր գաղութ իր մարդուժի պատրաստութեան բաժինը պէտք է ունենայ, որպէսզի հայ ուսուցիչին, հայ հրապարակագիրին, հայ մշակութային գործիչին աթոռը թափուր չմնայ:

Հ.-Սարգիս Զէյթլեան մեր արդի պատմութեան ազգային քաղաքականութեան հայկական արեւելումի ռահվիրան էր։ Այսօր, ի՞նչ նժարի վրայ կը գտնուի հայկական արեւելումը։
Կ.Յ.- Այս հարցը կարելի է բաժնել երկու մասի: Առաջինը՝ Հայաստանի պարագան է, եւ երկրորդը՝ սփիւռքի պարագան:

Հայաստանի մէջ պետական կառոյցը հայկական առեւելումի հետ կապ չունի, որովհետեւ այնքան ատեն որ Ցեղասպանութիւնը կ’ուրանայ, այնքան ատեն որ հայ քաղաքացի չի պատրաստուիր այլ՝ պարզապէս քաղաքացի կը պատրաստուի, այնքան ատեն որ Արցախը հայկական հող չեն նկատեր, այլ՝ ատրպէյճանական, այնքան ատեն որ Զանգեզուրի անցքը կ’ուզեն յանձնել, նաեւ ներքին կեանքին առնչութեամբ կ’ուզեն Հայոց պատմութիւնը ամբողջութեամբ խեղաթիւրել կամ սահմանափակել միայն Հայաստանի Հանրապետութեամբ, այս կը նշանակէ, որ հայկական արեւելումի հետ կապ չունին, ազգային գաղափարախօսութեան հետ կապ չունին:

Այս առումով Սարգիս Զէյթլեանը չափազանց այժմէական կը դառնայ: Հիմա միակ կուսակցութիւնը, որ ազգային գաղափարախօսութիւն կը քարոզէ եւ կ’ուզէ, որ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ՝ Դաշնակցութիւնն է. ոչ թէ որ անպայման Դաշնակցութիւնը ինքը իշխանութիւն ստանձնէ, այլ որպէսզի ունենանք իշխանութիւն մը, որ ազգային գաղափարախօսութիւն ունենայ: Ասիկա կը թուի թէ բաւական դժուար գործ է, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան կրցած է թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն օժանդակութեամբ իր քաղաքականութիւնը, կամ աւելի ճիշդ՝ թուրքերուն քաղաքականութիւնը առաջ մղել:

Սփիւռքի պարագային՝ մենք շատ աշխատանք ունինք ազգային գաղափարախօսութիւնը զարգացնելու իմաստով: Հայկական արեւելումը մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար, մեր գործունէութեան բոլոր ասպարէզներէն ներս. դպրոցի պարագային, հրապարակագրութեան կամ մշակոյթի պահպանման պարագային՝ անհրաժեշտ է որ ազգային գործօնը միշտ առկայ ըլլայ:

Սարգիս Զէյթլեան այս հարցին մէջ նոյնիսկ ծայրայեղ էր, հայրենամոլ, հայրենապաշտ ու ազգայնամոլ ըլլալու չափ: Ան կ՚ուզէր ազգային մտածողութիւն ներարկել հայկական իրականութեան մէջ.

Կրկին կը շեշտեմ, հայկական արեւելումը սփիւռքի պարագային մեծ նշանակութիւն ունի, եւ իւրաքանչիւր գաղութ այս գաղափարախօսութիւնը պէտք է ունենայ իր աշխատանքի իւրաքանչիւր ծիրէ ներս: Կարեւոր չէ կուսակցութեան պարագան, այլ բոլո՛ր կուսակցութիւնները պէտք է արեւելումի՛ հասկացողութիւնը իբր քաղաքականութիւն եւ գործելակերպ որդեգրեն իրենց բոլոր աշխատանքներուն մէջ: