Սամուէլ Կարապետեան կրկին ձերբակալուեցաւ՝ ՀԷՑ-ի գործով նոր մեղադրանքներու հիման վրայ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Սամուէլ Կարապետեան նոյեմբեր 4-ին կրկին ձերբակալուեցաւ՝ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան առնչուող նոր քրէական վարոյթի մը ծիրին մէջ։ Քննչական կոմիտէն յայտարարեց, որ 36 անձերու նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է՝ պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման, գոյքի իւրացման եւ դրամական միջոցներու լուացման մեղադրանքներով։
Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննութեան նիւթ դարձած գործողութիւններուն հետեւանքով ՀԷՑ-ին պատճառուած ենթադրեալ վնասը կը գերազանցէ 64,5 միլիառ դրամը։ Քննիչները կը պնդեն, որ ընկերութեան պատասխանատուներ, Կարապետեանի ղեկավարութեամբ, 2016-2024 թուականներուն ներգրաւած են ընկերութեան գործունէութեան իրական կարիքներէն աւելի մեծ վարկային միջոցներ եւ իրականացուցած են կասկածելի ֆինանսական փոխանցումներ։
Նոյեմբեր 4-ի առաւօտէն սկսեալ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի աշխատակիցներուն մասնակցութեամբ խուզարկութիւններ կատարուեցան 65 բնակարաններու եւ գործարարական հասցէներու մէջ։ Խուզարկութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի եւ Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի բնակարաններուն մէջ։
Կարապետեան նախապէս եւս մեղադրանքներու ենթարկուած էր եւ կը գտնուէր տնային կալանքի տակ։ Անոր պաշտպաններն ու քաղաքական գործընկերները կը մերժեն առաջադրուած մեղադրանքները՝ զանոնք համարելով քաղաքական հետապնդման դրսեւորում։
«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը նոր ձերբակալութիւններն ու խուզարկութիւնները կապեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան շուրջ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ խորացող հակադրութեան հետ։ Ընդդիմադիր ուժը կը պնդէ, որ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ ճնշում բանեցնել սահմանադրական փոփոխութիւններուն ընդդիմացող խորհրդարանական ուժերուն վրայ։
Յիշեցնենք, որ իշխանութիւնը Ազգային ժողովին մէջ չունի սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ նախաձեռնելու համար անհրաժեշտ երկու երրորդի մեծամասնութիւնը։
Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան, իր կարգին, հերքեց գործողութիւններուն քաղաքական բնոյթ ունենալու մասին պնդումները՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ սովորական իրաւական գործընթացներ։
Նոր քրէական վարոյթին նախաքննութիւնը կը շարունակուի։ Առաջադրուած մեղադրանքները դատարանի վերջնական վճիռով հաստատուած չեն։