Սամուէլ Կարապետեան. «Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ կրկին պատերազմով սպառնան»
- (0)

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը դիմատետրի իր պաշտօնական էջով հանդէս եկած է ուղերձով՝ արձագանգելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ իշխող ուժի չյաղթելու պարագային սեպտեմբերին պատերազմ կրնայ սկսիլ։
Կարապետեանը խոստացած է, որ իր վարչապետ ընտրուելու պարագային գալիք սեպտեմբերը եւ անոր յաջորդող բոլոր ամիսները պիտի ըլլան խաղաղ։ Ան քննադատած է գործող իշխանութիւնը՝ զայն որակելով որպէս պառակտում եւ վախ սերմանող ուժ, որը ձախողած է երկրի պաշտպանութեան հարցին մէջ եւ այժմ կրկին պատերազմով կը սպառնայ ժողովուրդին։
Ըստ Կարապետեանի՝ Հայաստանին անհրաժեշտ է «ուժեղ խաղաղութիւն», որ պիտի հիմնուի ոչ թէ զիջումներու, այլ հզօր դիւանագիտութեան, անվտանգային յուսալի երաշխաւորներու եւ արդիականացուած բանակի վրայ։
Ան շեշտած է, որ տնտեսական վերելքը, 300,000 նոր աշխատատեղերու ստեղծումը եւ ցած հարկերը պիտի դառնան երկրի անվտանգութեան յենասիւները։
Յղում կատարելով Գարեգին Նժդեհի խօսքերուն՝ Կարապետեանը կոչ ուղղած է հայութեան չսարսափիլ պատերազմի սպառնալիքներէն եւ թոյլ չտալ, որ ձախողած ղեկավարութիւնը շարունակէ պաշտօնավարել, խոստանալով միասնականութեամբ կերտել երկարատեւ ու արժանապատիւ խաղաղութիւն։