Սաղաթէլեան. «Իշխանութեան նախընտրական ծրագիրը կը ներկայացնէ Ալիեւի օրակարգը»
- (0)

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան խիստ քննադատութեան ենթարկած է իշխանութեան ներկայացուցած նախընտրական ծրագիրը՝ նշելով, որ ան կ՚արտացոլէ Իլհամ Ալիեւի պահանջները։
Սաղաթէլեան նշած է, թէ առաջին անգամ Հայաստանի պատմութեան մէջ օտար պետութեան օրակարգը կը ներկայացուի իբրեւ ներքին քաղաքական ծրագիր։ Ան ընդգծած է, որ անիմաստ է քննարկել իշխանութեան խոստումները՝ յիշեցնելով 2021-ի արտահերթ ընտրութիւններուն տրուած խոստումները, որոնք փաստօրէն չեն իրականացուած։
Ան յայտարարած է, թէ իշխանութիւնը հակառակ իր խոստումներուն՝ յանձնած է Արցախը եւ Հայաստանի որոշ տարածքներ, աւելցնելով, որ ներկայ ծրագիրը նոյն ուղղութեամբ քայլ մըն է՝ առանց նախկին «քողարկումներուն»։
Սաղաթէլեանի համաձայն՝ ծրագրին մէջ ներառուած շարք մը դրոյթներ, ներառեալ սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ «միջանցքներու» բացումը, կը համընկնին ոչ միայն Ալիեւի, այլեւ Էրտողանի քաղաքական նպատակներուն հետ։
Ան նաեւ քննադատած է եկեղեցական հարցերուն վերաբերող բաժինը՝ պնդելով, որ Կաթողիկոսի հեռացման կամ նոր տեղապահի ընտրութեան վերաբերող առաջարկները հակասահմանադրական են եւ կը յիշեցնեն պոլշեւիկեան մօտեցումները։
Սաղաթէլեան շեշտած է, որ իշխող ուժի ծրագրին աջակցիլը կը նշանակէ աջակցիլ արտաքին թշնամիներու օրակարգին։