Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ արշաւը ծրագրուած պայքար է մեր ազգային ինքնութեան դէմ, եւ այդ արշաւին հեղինակները կը գտնուին երկրէն դուրս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդամէնը գործիք է այդ հրէշաւոր ծրագիրը իրականացնելու համար` աւելցնելով. «Աւելորդ է անդրադառնալ գործիքի ձեռքին գործիք դարձած ծառաներու պահուածքին` ըլլան անոնք կարգալոյծ քահանաներ, ՔՊ-ական պատգամաւորներ, թէ ուժային կառոյցի ներկայացուցիչներ»:

«Մենք պէտք է ամբողջութեամբ ընկալենք հարցի խորքը, հասկնանք, որ սա միայն մեր բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ պայքար չէ. անոնց վերջնական նպատակը մեր ազգային ինքնութեան ոչնչացումն է` ապազգայնացումը: Ես պիտի չյոգնիմ կրկնելէ, որ այն, ինչ որ կը կատարուի մեր դէմ, հայկականութեան ապազգայնացման ծրագիր է, ան ունի նաեւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն, որուն դրսեւորումները պիտի տեսնենք յառաջիկային:

«Հետեւաբար, եկեղեցւոյ դէմ արշաւին պէտք է նայիլ այս պարունակին մէջ, հասկնալ հարցին լրջութիւնն ու խորքը, ստեղծել պաշտպանութեան ազգային ճակատ եւ միասնական ուժերով կանխել այդ հրէշաւոր ծրագիրի գործադրումը», ընդգծեց Սաղաթէլեան:

Սաղաթէլեան նկատել տուաւ, որ ապազգայնացումը կամ ազգային ինքնութեան ոչնչացումը կը ներառէ շարք մը գործողութիւններ, որոնք ուղղուած են որեւէ ազգի կամ ազգային խումբի ազգային ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազգային դիմագիծի վերացման: