Սաղաթէլեան․ «Ընդդիմադիր դաշտին մէջ խոշոր պլոքներու ձեւաւորումը անհրաժեշտ է»
- (0)

Եթէ այս իշխանութեան հեռացումը պայմանաւորուած է այլ ուժերու հետ մեր համագործակցութենէն, ապա պատրաստ ենք համատեղ աշխատելու ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն հետ։ Այս մասին ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը։
Ան ընդգծած է, որ քաղաքական դաշտի մնացեալ դերակատարներն ալ պէտք է առաջնորդուին խոշոր քաղաքական միաւորներ կազմելու տրամաբանութեամբ։ «Մեր առաջարկը այն է, որ այդ ուժերը համախմբուին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ լուծել առկայ հիմնախնդիրը։ Եթէ ընդդիմադիր ուժերը չկարենան յաջողութեան հասնիլ եւ գործող իշխանութիւնը շարունակէ իր գոյութիւնը, ապա այդ վիճակը պիտի դիտարկենք որպէս լուրջ ձախողում։ Հետեւաբար, ուժերու միաւորումը կը նկատենք ճիշդ եւ անհրաժեշտ քայլ՝ ցանկալի արդիւնքի հասնելու համար»,– նշած է Սաղաթէլեանը՝ աւելցնելով, որ յետընտրական շրջանին համագործակցութեան ընթացքը ժամանակի ընթացքին կը յստականայ։
Ըստ անոր՝ առանձին մասնակցութիւն չեն նախատեսեր, սակայն ոչ ընտրական շեմը յաղթահարելու դժուարութեան պատճառով։ «Մենք այն քաղաքական ուժը չենք, որ շեմի խնդիր ունենայ։ Մեր նպատակը միայն խորհրդարան անցնիլը կամ տասը պատգամաւոր ունենալը չէ, այլ՝ ընդդիմադիր դաշտին մէջ հզօր պլոքներու ձեւաւորումը, որոնք իրենց կարողութիւնները համադրելով աւելի լաւ արդիւնք կու տան եւ հնարաւոր կը դարձնեն ազատիլ այս կործանարար իշխանութենէն»,– ըսած է ան։
Խօսելով Ռոբերտ Քոչարեանի մասին՝ Սաղաթէլեան շեշտած է, որ ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդը չէ։ «Ո՛չ ինք նման բան ըսած է, ո՛չ ալ մենք։ Մեր դիրքորոշումը այն է, որ բարձր գնահատելով «Հայաստան» խմբակցութեան գործունէութիւնը՝ նպատակ ունինք պահպանել այդ ձեւաչափը, եւ այդ ուղղութեամբ ներկայիս քննարկումներ կը կատարուին»,– եզրափակած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը։