Սահմանազատման հետեւանքով Տաւուշի կարեւոր բարձունքներ յանձնուած են Ատրպէյճանին. Ոսկան Սարգսեան

Տաւուշցի լրագրող Ոսկան Սարգսեանը Ֆէյսպուքեան իր հարթակին վրայ գրած է, որ Սահմանազատման հետեւանքով կարեւոր բարձունքներ յանձնուած են Ատրպէյճանին։ Ան կը յայտնէ, որ 2024 թուականին սահմանազատման անուան տակ, միակողմանի կերպով Ատրպէյճանին յանձնուեցան Կիրանց-֊Բաղանիս սահմանային հատուածի 30 տարի հայկական բանակին կողմէ ամրացուած պաշտպանական դիրքերը։ Մարտավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այդ բարձունքները այժմ կը գտնուին ատրպէյճանական բանակի հսկողութեան տակ։

Բարձունքներուն վրայ տեղակայուած ատրպէյճանական զինուորական դիրքերը այժմ կը վերահսկեն Հայաստան-֊Վրաստան միջպետական ճանապարհի երթեւեկը։

«Ատրպէյճանին յանձնուեց աւելի շատ մարտական յենակhտ, քան սկզբից նախատեսուած էր։ «Նոր տարի» անուամբ յենակէտը սահմանազատումով չպէտք է յանձնուէր Ատրպէյճանին, սակայն յանձնուեց», կը գրէ լրագրողը։