Սահմանադրութեան Նոր Բնագիրը Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Մինչեւ 2026ի Ընտրութիւնները. Հայաստանի Արդարադատութեան Նախարար
- (0)

«Ճիշդ չէ սահմանադրական փոփոխութիւնները կապել որեւէ արտաքին գործօնների հետ: Դա մեր ներքին հարցն է, մեր ժողովուրդը կ՛որոշի՝ ուզո՞ւմ է ունենալ նոր Սահմանադրութիւն, թէ՝ չի ուզում», ըսաւ արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան՝ անդրադառնալով Սահմանադրութիւնը փոխելու այն պնդումներուն, որոնք կը հնչեն Ատրպէյճանի կողմէ:
Գալեան յայտնեց, որ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի սահմանադրութեան նոր բնագիրը պատրաստ ըլլայ մինչեւ 2026ի ընտրութիւնները:
Գալեան յիշեցուց, որ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը սկսած է 2018ի յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, եւ այս ընթացքին իշխանութիւնները շարունակ բարձրաձայնած են այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին:
«Բազմիցս անդրադարձել եմ այն հարցին, թէ երբ են սկսել աշխատանքները նոր Սահմանադրութեան կամ սահմանադրական փոփոխութիւնների աշխատանքների հետ կապուած, եւ պատմութեան էջերը թերթելով, հանրութիւնը եւս համոզուել է, որ դա տեղի է ունեցել յեղափոխութիւնից անմիջապէս յետոյ», եզրակացուց Գալեան: