Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը պիտի չլուծարուի. Գալեան կը պաշտպանէ իշխանութեան նախաձեռնութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան նոյեմբեր 3-ին յայտարարած է, որ անհրաժեշտութիւն չի տեսներ լուծարելու Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը՝ հակառակ նոր Սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստութեան շուրջ յառաջացած տարակարծութիւններուն։
Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Գալեան յայտնած է, որ նոր Սահմանադրութեան նախատեսուած կարգաւորումներուն շուրջ 80 տոկոսը արդէն քննարկուած է խորհուրդի անդամներուն հետ։ Անոր համաձայն, մնացեալ բաժիններուն քննարկումը կրնայ շարունակուիլ նաեւ նախագիծի հրապարակումէն ետք, քանի որ ներկայացուելիք փաստաթուղթը վերջնական բնոյթ պիտի չունենայ։
Նախարարը միաժամանակ պաշտպանած է սահմանադրական փոփոխութիւնները հանրաքուէի ներկայացնելու իշխանութեան նախաձեռնութիւնը՝ յայտարարելով, որ ընդդիմութեան կողմէ հանրաքուէի արգելափակումը հակասութիւն պիտի ստեղծէ ժողովրդավարական սկզբունքներուն հետ։
Գալեան նաեւ ակնարկած է ապագային սահմանադրական հանրաքուէ նախաձեռնելու համար անհրաժեշտ խորհրդարանական ձայներու շեմը նուազեցնելու կարելիութեան։
Սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը քաղաքական սուր տարակարծութիւններու առարկայ դարձած է, մասնաւորաբար Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի գործող Սահմանադրութեան նկատմամբ ներկայացուած պահանջներուն պատճառով։
Ընդդիմադիր ուժերը կը պնդեն, որ երկրի հիմնական օրէնքին վերանայումը պէտք չէ կապուի Պաքուի նախապայմաններուն հետ։ Իշխանութիւնը, իր կարգին, կը ներկայացնէ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը իբրեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական եւ ժողովրդավարական գործընթաց։