Ռուս Սահմանապահները Դուրս Եկան «Զուարթնոց» Օդակայանէն

Ռուս սահմանապահները այսօր դուրս եկած են Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն, ուր տեղի ունեցած է հրաժեշտի պաշտօնական ձեռնարկ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էտկար Յունանեան շնորհակալութիւն յայտնած է ռուսական կողմին 32-ամեայ միացեալ ծառայութեան համար:

Ռուս սահմանապահները «Զուարթնոց»-ի մէջ տեղակայուած էին 1992 թուականէն:

Մարտին` իր վերջին ասուլիսի ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած էր, թէ հայկական կողմը դիմած է ռուսականին եւ տեղեկացուցած, որ Հայաստանը բաւարար կարողութիւններ ունի` ինքնուրոյն իրականացնելու սահմանի հսկողութիւնը:

Ռուս սահմանապահները, այսուհանդերձ, պիտի շարունակեն իրենց ծառայութիւնը հայ-թուրքական եւ հայ-իրանական սահմանին վրայ:

Comments are closed.