Ռուսեւթուրք ճակատ. «Հայաստան», 1 Օգոստոս 1915
- (0)

Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրութիւններու աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերը եւ հետագային՝ 1919–1925։ Ստորեւ կը հրապարակենք 1 Օգոստոս 1915-ի թիւէն լրատուութիւն մը.
Ռուսեւթուրք ճակատ
Սիւրիայէն եւ Միջագետքէն եկած օժանդակ ուժերը, ընդամէնը մօտ չորս զօրաբաժին, թուրքերը շարժեցին ռուսերու ձախ թեւին դէմ, Մուշի եւ Բաղէշի շրջանին մէջ, ուր Յուլիսի սկիզբները ռուս զօրքը արդէն մտած էր Մշոյ դաշտը:
Յուլիս 9-ին թուրք օգնական զօրքերը երեւցան Եփրատի հակառակ ափէն, եւ ռուսերը հարկադրուած էին քաշուիլ Մշոյ դաշտէն Կոփ-Զօլբաշի լեռնային ճակատը, Վանի լճին արեւմտեան կողմը:
Թուրքերը հետզհետէ նոր օգնական ուժեր բերին հոս, եւ Յուլիս 12-ին ամբողջ զօրաբաժին մը անցնելով Եփրատը, կը փորձէր շրջապատել ռուսական աջ թեւը եւ կտրել ռուս բանակը Ալաշկերտի հովիտէն:
Այս վտանգը սակայն կանխուեցաւ անով որ ռուս հեծելազօրքը խիզախօրէն յարձակեցաւ այդ զօրաբաժնին վրայ եւ կոտորելով ետ մղեց զայն այն կէտին վրայ, ուր ան անցած էր գետը:
Բայց նկատի ունենալով որ թուրքերը առնուազն երկու անգամ իրենցմէ շատ էին՝ ռուսերը Յուլիս 13-ին սկսան նահանջել դէպի Ալաշկերտի հովիտը: Յուլիս 19-ին միայն թուրքերը մօտեցան ռուսական դիրքերուն, եւ Դութախի մօտ սկսան յետնապահ մասերու յամառ կռիւներ:
Այսպէսով, ռուսերը հարկադրուած էին պարպել Վանի լճին արեւմտեան եւ հիւսիսային ափերը եւ Մանազկերտի շրջանը:
Ռուսերու նահանջը եւ յետագայ գործողութիւնները տեղի ունեցած են հետեւեալ պայմաններու մէջ.-
Նահանջը Վանի լճի հարաւ-արեւմտեան եւ արեւմտեան մասէն, Ալաշկերտի ուղղութեամբ, իրագործուեցաւ փայլուն կերպով:
Խալիլ պէյին ծրագիրը, ինչպէս յայտնի է, ի դերեւ հանուեցաւ ռուս հեծելազօրքին փոթորկալի յարձակումով: Ատկէ ետք թուրք հրամանատարը, ազատ ձգելով հոտ ռուսերը, ինք շարժեցաւ Եփրատի ձախ ափով Դութախէն հիւսիս՝ կտրելու համար ռուս զօրքին հաղորդակցութիւնը:
Այդ շարժումը սակայն չյաջողեցաւ: Ռուս զօրավար Օ-ն աւելի կանուխ հասաւ Ալաշկերտի հովիտը, Յուլիս 19-ին:
Ռուս զօրքին անցքը Կոփէն դէպի Ալաշկերտ տեղի ունեցաւ սոսկալի պարագաներու մէջ: Զօրքը կ’երթար դժուարին լեռներով, կիզիչ արեւի տակ, բազմաթիւ փախստականներու մէջէն, միշտ շրջապատուած քրդական խմբերով: Քրդերը, որ քիչ ատեն առաջ հնազանդութիւն յայտնած էին ռուսերուն եւ իրենց գիւղերը վերադարձած, ամբողջովին ապստամբեցան եւ դարանակալ կը հսկեն ռուս զօրքի ամէն մէկ քայլին:
Հակառակ այս բոլոր աննպաստ պայմաններուն, ռուս զօրքը նոյնքան բարձր տրամադրութիւն ունէր, որքան յառաջխաղացման ատեն:
Խալիլ պէյի հրամանատարութեան տակ կեդրոնացուած է մօտ 90,000 զինուոր 100 թնդանօթով:
Հեղինակաւոր շրջանակներու մէջ Խալիլ պէյի շարժումը խոշոր տաքտիքական սխալ մը կը նկատուի: Ան չկրցաւ ոչ զօրավար Օ-ի զօրքը անջատել, ոչ ալ տատանել ռուսա կան ուժերը, որոնք ազատօրէն քաշուեցան դէպի իրենց կռուանը:
Ասիկա արդէն Խալիլ պէյի երրորդ յարձակողականն է: Առաջին անգամ ան ջարդուեցաւ Ապրիլի կէսին Դիլմանի մօտ, երկրորդ անդամ՝ Յունիսին, Ախլաթի եւ Սուրբի մoտ: Այժմ ան իր ձեռքին տակ աւելի մեծ ուժ ունի, բայց արդիւնքը, հաւանօրէն, նոյնը պիտի լինի:
Թուրքերու անյաջողութեան նշանները արդէն երեւան կու գան» Այսպէս, կովկասեան ռուս սպայակոյտին կողմէ Յուլիս 28-ին հրատարակուած հաղորդագրութենէն կ’իմանանք, որ Յուլիս 25-ին եւ 26-ին Թորթում եւ Եփրատ գետերուն ուղղութեամբ ամբողջ ճակատին վրայ կռիւներ տեղի ունեցած են:
Ռուս զօրքը, յարձակելով Շարիան-Դաղի բարձունքներուն վրայ, գրաւեց զանոնք, Մէրգէմիրի անցքէն դէպի հիւսիս: Թուրքերու հակայարձակումները ետ մղուեցան»: Յետոյ տեղի ունեցան բուռն կռիւներ այդ անցքին շուրջը, եւ ռուսերը, չնայելով թուրքերու յամառ գրոհներուն, յաջողեցան գրաւել զայն: Թուրքերը անկարգ կերպով նահանջեցին դէպի հարաւ:
Եփրատի ուղղութեամբ հեծելազօրքը բուռն յարձակում մը գործեց թուրքերու դէմ, Դութախի մօտ, մեծ ջարդ տուաւ անոնց եւ գերի առաւ 8 սպայ եւ 300 զինուոր: Հոտ ռուսերու ձեռքը ինկաւ ուղտերու ամբողջ կարաւան մը, քանի մը հարիւր գլուխ անասուն, հեռագրական գործիքներ, զէնք, ռազմամթերք եւ պարեն:
Օհան գիւղի մօտ, Եփրատի հովիտին մէջ յամառ կռիւ մը տեղի ունեցաւ, որմէ ետք թուրքերը նահանջեցին: Ռուսերը, հալածելով զանոնք, ճակատամարտէ մը ետք գրաւեցին թշնամիին դիրքերը Փալանթէօքէնի մօտ, առնելով 2 թնդանօթ իրենց ռազմամթերքով, մեծ քանակութեամբ փամփուշտ, զէնք, հեռաձայնի գործիքներ, ուղտեր, ինչպէս նաեւ գերիներ, որոնց մէջ մէկ գնդապետ եւ չորս ուրիշ սպայ:
Հետապնդելով թուրքերը, ռուսերը շարունակ նոր գերիներ կ’առնեն: