Ռուբէն Վարդանեան կոչ ուղղած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին այցելելու Պաքու
- (0)

Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբեն Վարդանեանը բանտէն ուղերձ մը յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Անահիտ Մանասեանին՝ անդրադառնալով հայ գերիներու իրավիճակին եւ կոչ ուղղելով գործնական քայլերու։
Ըստ հաղորդուածին, Վարդանեան առաջարկած է դիտարկել Պաքու պաշտօնական այցելութեան կարելիութիւնը՝ շեշտելով, որ մինչ տնտեսական եւ այլ հարցերով հայաստանեան պատուիրակութիւններ կ՚այցելեն Պաքու, գերիներուն հարցը կը մնայ անտեսուած, եւ այդ պատուիրակութիւններէն ոչ մէկը այցելած է անոնց։
Ան նշած է, թէ հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սաբինա Ալիեւաի հետ, որուն ընթացքին քննարկուած են կալանաւորներու կեցութեան, առողջութեան եւ իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր։ Ըստ Վարդանեանի՝ ատրպէյճանական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է նպաստելու հնարաւոր այցելութեան կազմակերպման, սակայն նախաձեռնութիւնը տակաւին չէ իրականացած։
Վարդանեան նաեւ ընդգծած է, որ հայ գերիները երկար ժամանակ կը պահուին առանց ընտանիքներու հետ հանդիպումներու եւ անկախ դիտարկման, ներառեալ՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի մասնակցութեան։
Իր ուղերձին մէջ ան առաջարկած է, որ ՄԻՊ-ը, անհրաժեշտ պայմաններու պարագային, նաեւ գերիներու հարազատներուն հետ միասին այցելէ Պաքու։ Ան յայտնած է, թէ իր կինը՝ Վերոնիկա Զոնաբենդը, պատրաստ է մասնակցելու նման նախաձեռնութեան։
Վարդանեան իր դիմումին մէջ նաեւ պահանջած է հրապարակային պատասխաններ՝ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն եւ Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցներուն հետ համակարգման վերաբերեալ։
Պաքուի դատարանը Վարդանեանը դատապարտած է 20 տարուան ազատազրկման, իսկ Արցախի շարք մը նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ եւս հրապարակուած են ծանր դատավճիռներ։