Ջահերով երթ Վանգուվըրի մէջ

Horizon Weekly Newspaper

Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Վանգուվըրի հայ համայնքի հաւատաւոր հայորդիներ մասնակցեցան ջահերով երթի մը՝ յարգանք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներուն։

Այս պահանջատիրական ցոյցը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ։ Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Թիթար Քէօշկերեան, Հայ Դատի յանձնախումբի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամներ։ Երթը սկսաւ Fraser փողոցէն եւ 41-րդ պողոտայէն եւ ուղուեցաւ դէպի Վանգուվըրի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին մօտ։

Ջահերով, Հայաստանի, Արցախի, Գանատայի, ՀՅԴ Գ.Ե.Մ -ի դրօշներով, Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարներ պարզած երթին մասնակիցներ հայորդիները արդարութիւն, փոխահատուցում պահանջեցին։ Անոնք նաեւ դատապարտեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ Արցախի քաղաքական ղեկավարներուն Պաքուի մէջ բռնադատելու համար եւ պահանջեցին, որ յարգուի Արցախի ժողովուրդին պապենական բնօրրան վերադառնալու իրաւունքը։
՚
Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի ներկայացուցիչներէն Վահէ Անտոնեան ելոյթ ունենալով երախտագիտութիւն յայտնեց Գանատայի եւ Գանատայի տարբեր նահանգներու կառավարութեանց՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար։ Միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեց Գանատային՝ աւելի վճռական ըլլալու, ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ Հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն սատարելու։

Գաղութի հոգեւոր հովիւ Հոգշհ. Հայր Ծ. Վրդ. Վարդան Թաշճեան իր աղօթքէն ետք քաջալերեց երիտասարդութիւնը, որպէսզի շարունակեն պայքարը։

Կը Յիշենք եւ կը Պահանջենք։ Պայքարը կը շարունակուի։