Պետական եւ քաղաքական դէմքերու ներկայութեամբ Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը
Շաբաթ Ապրիլի 23-ի կէսօրէ ետք ժամը 2-4ի միջեւ, Մոնթրէալի քաղաքակեդրոնը գտնուող Place du Canada-ի մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ Քէպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնին։ Ոգեկոչման հանդիսութիւնը կը վայելէր ներկայութիւնը Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպանին եւ պատուոյ հիւպատոսին, ներկայութեամբ՝ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակներու վրայ պետական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ երեք կուսակցութիւններու, յարանուանութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հայրենակիցներու։
Զոյգ քայլերգներով հանդիսութեան բացումը կատարեց Զարա Սարգսեան, որմէ ետք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, ներկաները յարգեցին մեր հին ու նոր նահատակներուն յիշատակը։ Օրուան խորհուրդի բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար՝ Արիանէ Թասլաքեանը եւ ապա բեմ հրաւիրեց Քէպէգի Հայ Համայնքի միացեալ մարմնի ներկայացուցիչ Վիգէն Սարգիսեանին որ հայերէն լեզուով փոխանցեց իր ուղերձը իսկ Մարի Լոր Սիմէթիէն՝ ֆրանսերէնով։
Հրաւիրեալներէն առաջին հերթին խօսքը տրուեցաւ Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօնի արարողութիւնը կատարողութեամբ Վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեանի, Տէր Դաւիթ Մարգարեանի, Տէր Կոմիտաս Միրզախանեանի եւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քհնյ. Գոյունեանի։
Օրուան բեմավարը ապա ընթերցեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժօլիի ուղերձը։
Յաջորդաբար խօսք առին պահպանողական կուսակցութենէն Senator Leo Housakos, Ազատական կուսակցութենէն Fayçal El-Khoury եւ Annie Koutrakis.
Նարեկ վարժարանի երկրորդականի աշակերտները ներկայացուցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կա՛նք ու կը մնանք» բանաստեղծութիւնը, մէջբերումով մը Ուիլիամ Սարոյեանի խօսքերէն։
Յաջորդաբար օրուան հանդիսավարը ընթերցեց տեսագրուած պատգամներ՝
Hon. Candice Bergen-էն leader of the conservative party of Canada, Jaqmeet Singh the leader of NDP, Yves Francois Blanchet-էն Leader of BLOC Quebecois,
Խորհրդարանի անդամ Deputé Alexandre Boulerice-էն NDP, եւ Claude Sauvé (conseiller de ville de montreal)։
Ապա, Coalition Avenir Quebec-ի ներկայացուցիչ՝ Marc Baaklini փոխանցեց իր խօսքը։
Խումբով Բեմ բարձրացան Quebec Liberal Party-ի կուսակցութեան անդամներէն chef Dominique Anglade, Marwah Rizky, Christine St Pierre, Saul Polo, Gregory Kelley փոխանցելու իրենց խօսքը, որոնց յաջորդեց Assemblé Nationale du Québec (Chomedey)-ի ներկայացուցիչ Guy Ouellette-ին խօսքը։
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդականի աշակերտները կատարեցին “Ils sont tombé” երգը եւ Պարոյր Սեւակի «Նրանք Ընկան» ոտանաւորը։
Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալէրի Փլանթէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը բեմ բարձրացաւ եւ քաղաքապետութեան խօսքը փոխանցեց Mme Emilie Thuiller’ն։ Իրեն կ՚ընկերակցէին Francois Limoges, Despina Sourias, եւ Nathalie Goulet.
Equipe Ensemble Montreal-էն բեմ բարձրացան խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնցմէ խօսք առին chef Aref Salem եւ Վանա Նազարեան։ Իրենց կ՚ընկերակցէին՝ Mary Deros, Chahi Tarakjian եւ Alan De Souza.
ՀԲԸՄ Ալէք Մանուկեան վարժարանէն երկու աշակերտներ ընթերցեցին իրենց ուղերձները, Կրէթա Մխիթարեան հայերէն լեզուով եւ Սեդա Սիմոնեան ֆրանսերէնով։
Action Laval-էն բեմ բարձրացաւ Archie Cifelli փոխանցելու իր խօսքը, որուն յաջորդեց Թուրքերու կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերէն Յունական գաղութի ներկայացուցիչ Andreas Crillis-ի խօսքը։
Յայտագրի վերջին ելոյթը յատկացուած էր Regina Assumpta վարժարանէն 16 տարեկան Ալեքսանտրա Քօսէյանի «Enfant d’Arménie» բանաստեղծութեան, գրուած՝ ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ-մեծ հօր յիշատակին։ Ոտանաւորը ընթերցեց իր քոյրը Մարի լին Քօսէյան։
Աւարտին, ներկաները կարմիր ծաղիկներ զետեղեցին անմոռուկ ծաղկեպսակին դիմաց եւ սիրուած երգիչ Էլի Պէրպէրեանն ու իր նուագախումբը իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ, խանդավառեցին ներկաները, հրամցնելով փունջ մը ազգային երգեր։
Թամար Շահինեան