Պելճիքայի Ֆլամանական Խորհրդարանը Որդեգրած Է Արցախի Դէմ Պատերազմական Գործողութիւնները Դատապարտող Բանաձեւ Մը

Պելճիքայի ֆլամանական խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է Արցախի դէմ պատերազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենակը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 10 հոկտեմբերին ձեռք բերուած զինադադարը խախտուած է Ազրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտի ռմբակոծումով: Կը շեշտուի, որ Ազրպէյճան կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, կը թիրախաւորէ ոչ զինուորական վայրեր, այդ պատճառով ալ ամէնէն շատ կը տուժէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւնները կ՛ապակայունացնեն շրջանը: Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի դէմ կռուելու համար սուրիացի ահաբեկիչ վարձկաններու օգտագործման:

Ֆլամանական խորհրդարանի բանաձեւի նախաբանին մէջ հանգամանալից ձեւով կը ներկայացուի ղարաբաղեան տագնապի նախապատմութիւնը` նշելով հետեւեալը.

1923-ին գերազանցապէս հայերով բնակուած Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկուած է Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ, 1989-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Հայաստանին միանալու դիմում ներկայացուցած է, սակայն մերժուած է Խորհրդային Միութեան կողմէ:

1991 թուականի 2 սեպտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն հռչակած է, Արցախն ինքնավար երկիր է, 2017-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը որդեգրած է «Արցախի Հանրապետութիւն» անունը:

Մեկնաբանելով Պելճիքայի ֆլամանական խորհրդարանի բանաձեւը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Այս բանաձեւը ճիշդ կերպով կը ներկայացնէ տագնապի պատմական շրջագիծը եւ հանգամանքները: Ասիկա շատ ողջունելի է եւ կարեւոր առաջին քայլ մը: Մենք լիայոյս ենք, որ միջազգային ընտանիքը պիտի հասկնայ, որ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը ազրպէյճանաթրքական իշխանութեան եւ իրենց կողմէ օգտագործուող ահաբեկիչ ժիհատականներու ցեղասպան ծրագիրները կասեցնելու անդրժելի նախապայման է»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.