Պաքու 3 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտեց Ալեքսանդր Լափշինը

Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Յուլիս 20-ին լրագրող Ալեքսանդր Լափշինը դատապարտած է երեք տարուան ազատազրկման, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը:

Ինչպէս նշուած է դատավճռին մէջ, Ալեքսանդր Լափշին մեղաւոր համարուած է 318.2 յօդուածով, որ կը նախատեսէ պատիժ «յանցաւոր խումբի կազմին մէջ Ատրպէյճանի պետական սահմանները» «անօրինական հատելու համար»:

Ան պատիժը պիտի կրէ ընդհանուր կարգի բանտի մէջ:

Աւելի առաջ հաղորդուած է, որ դատախազը խնդրած է Լապշինի նկատմամբ սահմանել 6,5 տարուան ազատազրկում:

Ռուսիոյ, Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ քաղաքացի հանդիսացող պլոքըր Ալեքսանդր Լափշին ձերբակալոած էր Մինսկի մէջ 2016 թուականի Դեկտեմբեր 15-ին` Ատրպէյճանի դիմումին համաձայն, եւ արտայանձնուած Պաքուին 2017-ի Փետրուար 7-ին:

Լափշին կը սպառնար 8 տարուան ազատազրկում 2011-ի Ապրիլին, 2012 թուականի Հոկտեմբերին եւ 2016 թուականի Յունիսին Արցախ այցելելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելու համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան, անդրադառնալով պլոքըրի արտայանձնման, յայտարարած էր, որ Ալեքսանդր Լափշինի հետապնդումը, Ատրպէյճան անոր արտայանձնումը խօսքի ազատութեան եւ ազատ տեղաշարժի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարում է, որ կրկին անգամ ցոյց կու տայ բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ առկայ խոր անդունդը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.