Պաքու քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Իսրայէլի որոշումը. Երեւան տակաւին լուռ է

«ՀՈՐԻԶՈՆ» — Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Իսրայէլի կառավարութեան որոշումը՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու այդ քայլը։

Պաքուի յայտարարութեան մէջ կը պնդուի, թէ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերող պատմական փաստերը «խեղաթիւրուած» կը ներկայացուին, իսկ այդ հարցը քաղաքական որոշման առարկայ դարձնելը՝ «անընդունելի» է։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Իսրայէլի այս որոշումը, իրենց գնահատումով, չի նպաստեր հաշտութեան եւ փոխըմբռնման, այլ կը խորացնէ հակասութիւնները եւ կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ կայուն «խաղաղութեան» հաստատման։

Պաքու նաեւ յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ իր քաղաքականութիւնը՝ «պատմական ճշմարտութեան պաշտպանութեան» եւ «շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան նպաստելու» ուղղութեամբ։

Պաշտօնական Երեւանը տակաւին չէ արձագանգած Իսրայէլի կառավարութեան որոշման։