Պաքու Կը Քննադատէ Քարվաճառի Մէջ Սիտնի Աւանը Կառուցելու Ծրագիրը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է «Ազրպէյճանէն գրաւուած Քելբաջար (Քարվաճառ) շրջանին մէջ» Սիտնի անունով աւան մը կառուցելու, ինչպէս նաեւ «Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքները Արազ գետի երկայնքով Հայաստանին միացնող նոր ճամբայ մը հաստատելու մասին հայկական լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած տեղեկատուութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենիա.ազ» կայքը:

«Հայաստանի ապօրինի գործունէութիւնը կը հակասէ բանակցային հոլովոյթի ոգիին, ԱՊՀ-ի Տուշանպէի վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն եւ վնաս կը հասցնէ տագնապի լուծման միջազգային ջանքերուն:

Նման գործողութիւնները դարձեալ կը ցուցադրեն, որ Հայաստանի խօսքը կը հակասէ անոր գործողութիւններուն, միեւնոյն ժամանակ հաստատելով, որ այդ երկիրը իր ապակառուցողական քայլերով շահագրգռուած չէ բանակցութիւններու միջոցով տագնապի լուծման հասնելու», կը պնդուի նախարարութեան կողմէ չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ աւելի քան 200 սփիւռքահայ (որոնց մեծ մասը` լիբանանահայեր) գործարարներէ կազմուած «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ընկերութեան բաժնետէրերու մօտաւորապէս 25 հոգինոց խումբը 13-16 հոկտեմբերին այցելած էր Արցախ` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նախորդ տարիներու գործունէութեան արդիւնքներուն, հանդիպումներ ունենալու Արցախի իշխանութիւններուն հետ եւ քննարկելու «Արցախ-2028» խորհրդաժողովի իրականացման մանրամասնութիւնները: Այս այցելութեան առիթով նշուեցաւ, որ շուտով պիտի ներկայացուին Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ բնակավայրի 20 եւ Քարվաճառ քաղաքի 50 բնակարաններու կառուցման նախագծային փաստաթուղթերը: Որովհետեւ Քարվաճառի մէջ իրականացուելիք բնակարանաշինութեան ծրագիրը պիտի իրականանայ աւստրալահայութեան միջոցներով, առաջարկ կայ թաղամասը Սիտնի անուանելու:

Նաեւ, պատուիրակութեան հետ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպման ընթացքին նախագահը յայտնած էր, որ Հայաստանը Արցախին կապող երրորդ` հարաւային մայրուղին պիտի կառուցուի Արաքսի ափամերձ հատուածով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.