Պաքու կը շարունակէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» քարոզչական օրակարգը
- (0)

«ՀՈՐԻԶՈՆ» — Ատրպէյճանի մէջ կրկին կազմակերպուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճանի ժառանգութիւնը. վերադարձ պատմական արմատներուն» խորագրով փառատօնը, որ ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ տեղի ունեցած է Կէօյկէօլի շրջանի Ենի Զօդ գիւղին մէջ։
Միջոցառումը կազմակերպուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ին եւ Կէօյկէօլի շրջանի գործադիր իշխանութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ փառատօնի նպատակը ներկայացուած է իբրեւ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» պատմական ժառանգութեան, ազգային հոգեւոր արժէքներուն եւ «յուրդի յիշողութեան» պահպանում ու փոխանցում յաջորդ սերունդներուն։
Սակայն միջոցառումը կը տեղադրուի շատ աւելի լայն քաղաքական համածիրի մէջ։ Փառատօնի ընթացքին ցուցադրուած են «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» տարբեր շրջանները ներկայացնող տաղաւարներ, լուսանկարներ, գիրքեր, ձեռագործ աշխատանքներ եւ մշակութային նմոյշներ։ Նշուած է նաեւ, որ ելոյթ ունեցած են «Իրեւան» մարզական ակումբի մարզիկներ, ինչ որ անգամ մը եւս կը բացայայտէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Պաքուի քարոզչական արշաւը։
Այս միջոցառումը տեղի ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ յունիս 18–19-ին կազմակերպուած «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» երրորդ փառատօն համաժողովէն քանի մը օր ետք։ Այդ համաժողովը կազմակերպուած էր Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի լիազօր ներկայացուցիչի գրասենեակին, Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան, Նախիջեւանի Պետական Համալսարանի եւ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ին կողմէ։
Նախիջեւանի համաժողովին ընթացքին ատրպէյճանցի պաշտօնեաներ եւ պատգամաւորներ բացայայտօրէն խօսած են Հայաստանի ներկայ տարածքէն հեռացած ատրպէյճանցիներու «խաղաղ, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձ»ի մասին։ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի ղեկավար, պատգամաւոր Ազիզ Ալեքբերլի յայտարարած է, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է ընդունի այդ «իրականութիւնը» եւ պայմաններ ստեղծէ այդ վերադարձին համար։
Պաքու այս օրակարգը կը ներկայացնէ իբրեւ մարդասիրական եւ իրաւական հարց, սակայն իր իսկ պետական հռետորաբանութիւնը զայն կը կապէ Հայաստանի տարածքը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» անուանող գաղափարախօսութեան, Ալիեւի 2022-ի ուղերձներուն եւ տարածաշրջանին մէջ «նոր իրականութիւններ» պարտադրելու քաղաքականութեան հետ։ Նախիջեւանի ելոյթներուն մէջ նշուած է նաեւ, որ այս հարցը Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է։
Մինչ Փաշինեանի իշխանութիւնը կը շարունակէ պնդել, թէ «300 հազար ատրպէյճանցիներու վերադարձ»ի թեման արհեստական է եւ օրակարգի վրայ չկայ, Պաքու գործնական մակարդակի վրայ կը շարունակէ այդ ուղղութեամբ կազմակերպուած աշխատանքը՝ փառատօններու, համաժողովներու, ակադեմական քննարկումներու, կրթական ծրագիրներու եւ մշակութային ներկայացումներու միջոցով։
Այս զարգացումները տեղի կ՚ունենան այն պահուն, երբ Երեւան եւ Պաքու կը խօսին խաղաղութեան գործընթացի շարունակութեան մասին։ Սակայն Հայաստանի տարածքը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ներկայացնող պետականօրէն հովանաւորուած քարոզչութիւնը կը շարունակէ լուրջ հարցեր յառաջացնել այդ գործընթացի իրական նպատակներուն եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ Պաքուի երկարաժամկէտ մօտեցումներուն շուրջ։