Պաքու Դարձեալ Կը Խօսի Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կնքելու Համար Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Փոխելու Մասին
- (0)

Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Էլչին Ամիրպեքով I24 News պատկերասփիւռի կայանի ֆրանսական խմբագրութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ 8 Օգոստոսին, Հայաստան եւ Ատրպէյճան միայն նախաստորագրեցին խաղաղութեան պայմանագիրը, իսկ փաստաթուղթի վերջնական ստորագրութեան եւ անոր գործադրութեան համար հայկական կողմը տակաւին յստակ քայլերու պէտք է ձեռնարկէ։
«Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տակաւին կան դրոյթներ, որոնք անընդունելի տարածքային պահանջներ կը պարունակեն եւ կը հակասեն Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», ըսաւ Ամիրպեքով՝ աւելցնելով, որ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար Հայաստանի հիմնական օրէնքը պէտք է համապատասխանեցուի երկու երկիրներուն կողմէ արդէն նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին եւ ոգիին: