Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները ամբողջական մեկուսացման մէջ են արտաքին աշխարհէն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու առողջական վիճակին եւ կալանքի պայմաններուն վերաբերեալ առարկայական ու ստուգելի տեղեկութիւններ ստանալու կարելիութիւն ներկայիս գոյութիւն չունի։ Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնած է ՄԻԵԴ-ի մօտ հայ գերիներու իրաւապաշտպան եւ Հայկական Իրաւական Կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սիրանուշ Սահակեան։
Սահակեանի համաձայն՝ հայ գերիները զրկուած են միջազգային անկախ դիտորդներու, փաստաբաններու, բժիշկներու եւ հիւպատոսական ներկայացուցիչներու հետ անմիջական շփումէ։ Մինչեւ 2025-ի սեպտեմբեր տեղեկութիւններ կը ստացուէին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջոցով, սակայն Ատրպէյճանի մէջ անոր գործունէութեան դադրեցումէն ետք այդ ուղին եւս փակուած է։
Գերիներու մասին տեղեկութիւն ստանալու միակ միջոցը հարազատներուն հետ հեռաձայնային զրոյցներն են, որոնք եւս կը վերահսկուին ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ եւ կանոնաւոր չեն։ Մինչեւ օգոստոս 31 Ատրպէյճան պարտաւոր է ՄԻԵԴ-ին ներկայացնել գերիներու առողջական վիճակին եւ կալանաւորման պայմաններուն վերաբերող տեղեկութիւններ եւ բժշկական փաստաթուղթեր, սակայն Սահակեան ընդգծած է, որ ներկայացուելիք տուեալներու արժանահաւատութիւնը ստուգելու երաշխիք չկայ։
Իրաւապաշտպանին գնահատումով՝ Կարմիր խաչի գործունէութեան վերականգնման հաւանականութիւնը փոքր է։ Իբրեւ այլընտրանք կը քննարկուին անկախ բժշկական խումբի այցելութիւնը կամ երրորդ երկրի, օրինակ՝ Զուիցերիոյ միջոցով հիւպատոսական այցելութիւններ կազմակերպելու կարելիութիւնը, սակայն այդ բոլոր քայլերը կը պահանջեն Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը։