Պաքուի մէջ մեկնարկած է Արցախի նախկին ղեկավարներուն եւ հայ գերիներուն գործով վերաքննիչ քննութիւնը
- (0)

Պաքուի մէջ մեկնարկած է Արցախի նախկին ղեկավարներուն եւ միւս հայ գերիներուն դէմ շինծու դատավարութիւններու վերաքննիչ քննութիւնը։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցումով, մայիս 26-ին Պաքուի վերաքննիչ դատարանը լսած է Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանի, Արկատի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայեանի, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի եւ միւս հայ գերիներուն վերաբերող գործերու բողոքները։
Գործը պիտի քննուի Բաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ՝ դատաւոր Էլմար Ռահիմովի նախագահութեամբ։
Պաքուի ռազմական դատարանին որոշումով Արայիկ Յարութիւնեան, Լեւոն Մնացականեան, Դաւիթ Մանուկեան, Դաւիթ Իշխանեան եւ Դաւիթ Պապայեան դատապարտուած էին ցկեանս ազատազրկման։
Արկատի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը դատապարտուած էին 20 տարուան ազատազրկման, Մատաթ Պապայեանն ու Մելիքսէթ Փաշայեանը՝ 19 տարուան, Գարիկ Մարտիրոսեան՝ 18 տարուան, Դաւիթ Ալավերդեանն ու Լեւոն Պալայեան՝ 16 տարուան, իսկ Վասիլի Բեգլարեան, Գուրգէն Ստեփանեան եւ Էրիկ Ղազարեան՝ 15 տարուան ազատազրկման։