Պաքուի Մէջ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի Եւ Ատրպէյճանցիներու Վերադարձի Վերաբերող Քննարկում
- (0)

Ատրպէյճանցիներու՝ Հայաստան «վերադարձ»ին մասին Ատրպէյճանի զանազան շրջանակներու մէջ ծաւալած խօսակցութիւնները եւ կատարուած յայտարարութիւնները օրէ օր կ՛աւելնան:
Արդարեւ, Ատրպէյճանի կառավարութեան ֆինանսաւորումով Պաքուի մէջ կազմակերպուած «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ատրպէյճան» նիւթով քննարկումին ընթացքին, ատրպէյճանական հանրային կազմակերպութեան մը ղեկավարը՝ փրոֆ. Ֆուատ Մամետով ըսաւ, որ ատրպէյճանցիներուն «Հայաստան վերադարձը ներկայիս մարդու հիմնարար իրաւունքներու հարց է, եւ մենք պէտք է առաւել աշխոյժ կերպով աշխատինք այս ուղղութեամբ»:
«Նոյնիսկ յետ-պատերազմեան շրջանին ակնյայտ է, որ Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի որոշ ուժեր կը շարունակեն փորձել կեղծել Ատրպէյճանի պատմութիւնը: Այս երեսպաշտութիւնը կը պահանջէ, որ մենք աւելի զգօն ըլլանք եւ չթուլնանք», յայտնեց Մամետով:
Ատրպէյճանի հանրային կազմակերպութիւններու ազգային ֆորումի խորհուրդի անդամ Զաուր Իպրահիմլի իր կարգին ըսաւ հետեւեալը. «Վերջերս Պաքուի մէջ առաջին անգամ ըլլալով հրատարակուեցաւ 18րդ դարու թուրքմէն հեղինակ Ապտուրազակ Նովրասի «Թարիխչէյի-Նովրաս» աշխատութիւնը, որ կը նկարագրէ 1731ին Իրեւան քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակը: Աշխատութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Իրեւանի բնակչութիւնը կազմուած էր ատրպէյճանցիներէ եւ թուրքերէ, տեղանուններն ալ բացառապէս ատրպէյճանական են»: Ան աւելցուց, որ՝ «այս պատմական աշխատութեան մէջ ոչ մէկ հայկական տեղանուն կը յիշատակուի»:
Ատրպէյճանի քարտէսագիրներու միութեան նախագահ Մուկապիլ Պայրամով տեղեկացուց, որ նախորդ երկու տարիներուն իրենք արդէն իսկ հրապարակած են «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի վերաբերող երկու քարտէսագրական գերծեր: «Մեծ պահանջ ունի յատկապէս «Զանգեզուրի միջանցք» քարտէսը, զոր վերջերս հրատարակեցինք ատրպէյճաներէն եւ անգլերէն: Այդ աշխատանքներուն մէջ անպայմանօրէն ներառուած են մեր ազգային տեղանունները: Պատմական ճշմարտութիւնը կարելի չէ ժխտել», ըսաւ Պայրամով:
Ատրպէյճանի մամլոյ խորհուրդի անդամ Մուշֆիկ Ալասկարլի իր կարգին պնդեց, որ պատրաստ են աշխատելու ըստ նախագահականէն տրուած յանձնարարականին:
«Ժամանակի ընթացքին հայերը փորձած են ջնջել ատրպէյճանցիներուն հետքերը այդ հողէն: Այժմ մեր ազգային գիտակցութեան մէջ այս յիշողութիւնը վերակենդանացնելու համար լրատուամիջոցները եւ հանրութիւնը պէտք է ձեռնարկէ յստակ քայլերու», ըսաւ Ալասկարլի:
Քննարկումին այլ մասնակցող մը՝ «Չափար-ազգային ժառանգութեան» հետազօտական կեդրոնի նախագահ Տիլկամ Ահմետ յայտարարեց, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի նիւթը ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնման մասին է, այլ նաեւ ցեղային զտումներու բացայայտման»: