Պաքուի Ճնշումներուն Տեղի Տալով՝ Յորդանան Հրաժարեցաւ Արցախցի Վրէժին Մասին Պատմող Ֆիլմը «Օսքար»ի Թեկնածութեան Ներկայացնելէ
Ատրպէյճանի ճնշումներով՝ Յորդանան հրաժարեցաւ բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի «Տունս Քաղցր Ա» վաւերագրական ֆիլմը «Օսքար»ի մրցանակի թեկնածութեան ներկայացնելէն ։ Յորդանանի շարժապատկերի յանձնախումբը այդ ֆիլմը ընտրած էր «Օսքար»ի 97րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» բաժանմունքին մէջ ներկայացնելու համար։
Ըստ Deadline կայքին՝ Պաքու դիմում մը ներկայացուցած էր Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ պահանջելով վերանայիլ ֆիլմին ընտրութիւնը։ Նախարարութիւնը իր կարգին ճնշում բանեցուց նշեալ յանձնախումբին վրայ՝ ֆիլմը յետս կոչելու պահանջով:
«Որոշումը շատ վնասակար զարգացում է մեր խումբին համար եւ գործնականին մէջ լռեցումն է այն մանուկին, որ պատմէ իր պատմութիւնը՝ իր տան եւ ընտանիքին հանդէպ սիրոյ մասին: Իբրեւ վաւերագրական ժապաւէններու հեղինակներ՝ այս գրաքննութիւնը կը ստիպէ մեզ ա՛լ աւելի տարածելու «Տունս Քաղցր Ա» ֆիլմին գլխաւոր հերոս Վրէժին պատմութիւնը, որ այսօր հայելին է ճակատագիրին ամբողջ աշխարհի անթիւ մանուկներու, որոնք արժանի են երազելու ազատօրէն՝ առանց պատերազմի եւ հակամարտութեան սպառնալիքին», Deadline-ին ըսին Հայրապետեան եւ արտադրող Ազզա Հուրանի:
Ֆիլմը կը պատմէ 11ամեայ Վրէժին մասին, որ կ՛երազէ ատամնաբոյժ դառնալ Արցախի իր գիւղին մէջ։ Երբ պատերազմը դարձեալ կը բռնկի, Վրէժը իր ընտանիքին հետ կը փախչի, իսկ պատերազմին աւարտին կը վերադառնայ իր քանդուած հայրենիքը: Ան նոյն ատեն դէմ յանդիման կը գտնուի նոր դաժան իրողութիւններու եւ կը պատրաստուի ապագայ մարտերուն…:
ՊԱՔՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ այս գծով յայտարարեց հետեւեալը. «Նկատի ունենալով, որ այդ ֆիլմին բովանդակութիւնը կը հակասէ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, մենք անմիջապէս յորդանանեան կողմին ներկայացուցինք մեր մտահոգութիւնները եւ տեղւոյն պատկան յանձնախումբին տուած որոշումին համաձայն վերջապէս ժապաւէնը չէ առաջադրուած «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան, ինչպէս նաեւ Յորդանանի մէջ ֆիլմին ցուցադրութիւնը կասեցուած է։ Մենք կ՛ողջունենք յորդանանեան կողմին որոշումը»։
Comments are closed.