Պարոյր Սեւակ՝ անլռելի զանգակատունը հայու ներաշխարհին

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

1924 թուականի Յունուարի 24-ին լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի ժամանակակից գրականութեան ամենախորհրդանշական դէմքերէն մէկը՝ Պարոյր Սեւակ։ Ան եկաւ ոչ որպէս որշակի բանաստեղծ մը, այլ որպէս խռովք՝ լեզուի մէջ, խղճի ձայն՝ ժամանակին, եւ անլռելի զանգակատուն մը՝ հայ մարդու հոգեւոր արթնութեան համար։

Թէեւ եղերաբախտ ճակատագիրը իրեն շնորհեց միայն 47 տարի, Սեւակը իր կարճ, բայց բոցավառ կեանքով կարողացաւ կերտել գրական ժառանգութիւն մը, որ իր խորութեամբ ու ներգործութեամբ կը գերազանցէ ժամանակի սահմանները։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ մարդը այլեւս սոսկ կերպար չէ, այլ ճակատագիր, ցաւ, պայքար եւ հաւատ։ Սեւակը գրեց մարդուն համար, բայց նաեւ ազգին համար՝ մարդը դարձնելով ազգի բարոյական չափանիշը։

Իր նշանաւոր ժողովածուները՝ «Անլռելի զանգակատուն», «Մարդը ափի մէջ», «Եղիցի լոյս» եւ ուրիշներ, դարձան ոչ միայն գրքեր, այլ հոգեւոր հանգրուաններ, որոնց մէջ հայ ընթերցողը իր կեանքը, իր վէրքերը եւ իր երազները գտաւ։

Յատկապէս «Անլռելի զանգակատուն»-ը, նուիրուած Կոմիտասին, վերածուեցաւ համազգային խղճի մաքրման աղօթքի մը՝ ուր լռութեան մէջ խեղդուած ցեղի ձայնը դարձեալ կը ղօղանջէ։

Սեւակը իր բանաստեղծութիւններուն համար չփնտռեց գեղեցիկ բառեր միայն, այլ ներքին մղումով ու ճշմարտախոհութեամբ արբեցած շարահիւսեց իր զգացումները։ Ան քերթեց սէրը առանց կեղծ նրբագեղութեան, ցաւը առանց քողածածկոյթի, հայրենիքը առանց շողոքորթութեան։ Այդ իմաստախոհութեամբ ալ իր տողերը մինչեւ այսօր կը հորդորեն, կը գօտեպնդեն, կը խոցեն, կը սթափեցնեն եւ կը մխիթարեն։

Պարոյր Սեւակ եղաւ այն բանաստեղծը, որ համարձակեցաւ ըսել այն, ինչ շատեր կը զգային, բայց չէին համարձակեր բարձրաձայնել։ Իր խօսքը դարձաւ հայ մարդու ներքին փայլատակութեան մենախօսութիւնը, իսկ իր գրիչը՝ արգասաբեր ազգային խղճի արտայայտութիւնը։

«ՈՂԲԱՄ ՄԵՌԵԼՈՑ, ԲԵԿԱՆԵՄ ՇԱՆԹԵՐ, ԿՈՉԵՄ ԱՊՐՈՂԱՑ…»։

Այսօր, իր ծննդեան 102-րդ ամեակին, Սեւակը չի պատկանիր միայն անցեալին։ Ան ներկայ է մեր խօսքին մէջ, մեր մտածողութեան մէջ, մեր պայքարներուն մէջ։ Իր անլռելի զանգակատունը տակաւին կը ղօղանջէ՝ կանչելով մեզ ըլլալու աւելի զգօն, արդարամիտ, խիզախ, ազնիւ, աւելի ճշմարիտ եւ աւելի արժանապատիւ։

Այո՛, Սեւակը եղաւ ոչ միայն բանաստեղծ, այլ նաեւ խղճի ձայն՝ իր ժամանակին, խռովք ու լոյս՝ իր ժողովուրդին համար։ Ան իր խօսքով սրբագրեց լռութիւնը, իր տողով մխիթարեց վիրաւոր հոգին, եւ իր գաղափարով բարձրացուց հայ մարդուն արժանապատուութիւնը։ Իր ստեղծագործութիւնները դարձան մեր ազգային ներաշխարհի հայելին՝ որուն մէջ կը տեսնենք թէ՛ մեր վէրքերը, թէ՛ մեր յոյզերն ու յոյսերը։

Այսօր, Պարոյր Սեւակը կը շարունակէ ապրիլ ոչ թէ յուշի մէջ միայն, այլ մեր մտածողութեան, մեր զգացումին եւ մեր խօսքին մէջ։ Ան դարձած է մշտավառ աստղ մը մեր հոգեւոր երկնակամարին վրայ՝ առաջնորդող, արիացնող եւ գօտեպնդող։

Ակնածանք եւ Խոնարհում՝ Պարոյր Սեւակի անմեռ յիշատակին առջեւ։

Թորոնթօ
2026