«Պատժամիջոցներու Ժամանակը Չէ». ԱՄՆ-ն Կը Հրաժարի Պաքուի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրառելէ. Հայ Դատի Յանձնախումբի Արձագանգը
Օրերս Հայաստան կը գտնուէր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի աւագ խորհրդական Լուիս (Լու) Պոնոն, որ հայաստանեան լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ն պատժամիջոցներու պիտի չենթարկէ պաքուն Արցախը 88 օրէն աւել շրջափակուած պահելուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
«Միացեալ Նահանգները չեն դիտարկեր ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառում Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի շարունակական շրջափակման համար: Հիմա պատժամիջոցներու ժամանակը չէ: Ես այստեղ եմ, որպէսզի աշխատիմ երկու կողմներուն հետ՝ անոնց խաղաղութեան մոտեցնելու համար: Պատժամիջոցները շատ անարդիւնաւէտ պիտի ըլլային: Այս պահուն ատիկա նոյնիսկ չի քննարկուիր»,- յայտարարած է ամերիկացի դիւանագետը:
Յիշեցնենք, որ Պայտընի վարչակազմը բազմիցս կոչ ըրած է ազրպէյճանին հանելու շրջափակումը, որ մարդկայնական ճգնաժամի հասցուցած է Արցախը:
Պոնոյի յայտարարութեան արձագանգած է ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը՝ նշելով, որ Պոնոն այսպիսով ցոյց կու տայ ԱՄՆ-ի տկարութիւնը.
«Լուիս Պոնոն, իր առաջին հրապարակային ելոյթով քննարկումներէն հանելով ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու քննարկման հարցը, կ՝ազդարարէ ԱՄՆ-ի տկարութեան մասին, իլհամ ալիեւի համար հաստատելով, որ Պայտընի վարչակազմը իր յայտարարութիւնները չ՝իրականացներ գործողութիւններով»,- նշած է Համբարեանը: