Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Գանատա կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ, Նոյեմբեր 17-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մոնթրէալի մէջ այցելեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրատուն, ուր հիւրընկալուեցաւ Գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի եւ վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանի կողմէ։ Խմբագիր Վահագն Գարագաշեան նախարարին ծանօթացուց տեղեկատուական դաշտին մէջ «Հորիզոն»ի աշխատանքները եւ անոր յանձնեց «Հորիզոն»ի բացառիկ թիւերէն օրինակներ։ Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ հարցազրոյց նախարարին հետ «Հորիզոն»ի շաբաթաթերթի եւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագիրներու մասնակցութեամբ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.