Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Փաթրիք Պրաուն Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ հանդիպեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեանց հետ
1480
0
Պրամթընի քաղաքապետ Փաթրիք Պրաուն Մարտ 27-ին եւ 29-ին յաջորդաբար Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի հայ կեդրոններէն ներս հանդիպումներ ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեանց հետ։ Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութեանց գծով Մարտ 13-ին իր թեկնածութիւնը յայտարարած քաղաքապետ Փաթրիք Պրաուն ներկայացուց նախընտրական իր ծրագիրները, իսկ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնները իրազեկեցին Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, Գանատայի հայ համայնքը շահագրգռող հարցերուն եւ Արցախի հակամարտութեան առկայ իրավիճակին մասին։