Պահե՞լ, թէ՞ չպահել. Արեւելահայերէնին հետ հաւասարապէս պետական լեզու պէտք է հռչակուի Արեւմտահայերէնը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ինչ որ այսօր է դառնում է երէկ,

Ինչ որ երէկ էր՝ դառնում է նոր երգ,

Հոգու պարտէզի ոսկեվառ նոր բերք…

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ

 

Այս գրելիքիս մասին կը մտմտայի քանի մը օրէ ի վեր, երբ հասաւ Լը Տվուար օրաթերթի ուրբաթօրեայ թիւը, ուր գրեթէ ամբողջ տարին էջ մը վերապահուած է Ժոզէ Պլանշեթի (Josée Blanchette)։ Այս անգամուան՝ 3 մարտ 2023-ի իր յօդուածով («Un an, un mois et un jour» – «Մէկ տարի, մէկ ամիս եւ մէկ օր»), ան իր մայրական ապրումները կը հաղորդէ ընթերցողներուն՝ 19  տարեկան զաւկին տունէն հեռացած ըլլալուն առթիւ։ Մենք օրին հետեւած ենք այս զգայուն գրող-հրապարակագրին կեանքի վերիվայրումներուն, որոնք այս կամ այն ձեւով կ՚առնչուին նաեւ մեր սեփական կեանքերուն։ Ընթերցողը չի կրնար անտարբեր մնալ այս գրութեամբ ալ անոր ապրած-տեսածին նկատմամբ, սակայն յօդուածը ներկայացնել չէ նպատակս, այլ հոն տեղ գտած տող մը, որ շատ բան կ՚ըսէ։

Ուրեմն, բուն ըսելիքիս անցնելէ առաջ կ՚ուզեմ անդրադառնալ այդ տողին։ Ի դէպ, շատ հետաքրքրական է նաեւ նոյն ինքն այդ էջին վերտառութիւնը՝ Zeitgest, որ գերմաներէնէն եկած է ու կը նշանակէ «ժամանակաշրջանի (կամ ժամանակներու) ոգին»։

Պլանշեթ կ՚ափսոսայ, որ չէ յաջողած զաւկին փոխանցել «գրականութեան սէրս ու խոր յարգանքս մեր արմատներուն նկատմամբ»։ Zeitgest…!

Պահե՞լ, թէ՞ չպահել,– խօսքը կը վերաբերի արեւմտահայերէնին։ Ահա հարց մը, որուն շատ եմ անդրադարձած,– ամբողջ կեանքս մեր լեզուն պահելու եւ անաղարտ պահելու մասին գրած եմ,– եւ անոր վերադառնալու նպատակ չունէի։ Վերջերս սակայն դէմ-յանդիման գտնուեցայ մտածելակերպի մը, որ կը ստիպէ անգամ մը եւս վերարծարծել հարցը եւ մտածե՛լ այդ մասին։

Սրտցաւ հայր մըն էր խօսքը բացողը։ Անոր՝ հայկական վարժարան յաճախած, հայախօս զաւակը հարց տուած էր հօր, թէ ինչո՞ւ տակաւին կը ճգնինք պահելու արեւմտահայերէնը. Չե՞նք կրնար որոշում մը կայացնել, որ ասկէ ետք արեւելահայերէն պիտի խօսինք, դպրոցներուն մէջ արեւելահայերէն պիտի սորվեցնենք, եւ մէկ օրէն միւսը կը վերցուի Հայրենիք-Սփիւռք խզման գլխաւոր արգելքը։ «Զիրար չենք հասկնար մենք։ Երբ Հայաստան կ՚երթամ ու արեւմտահայերէն կը խօսիմ, զիս չեն հասկնար. իրենք երբ արեւելահայերէն կը խօսին, ե՛ս չեմ հասկնար։ Հայաստանի պետական լեզուն արեւելահայերէնն է։ Վերջ։ Ինչո՞ւ ետ կը նայինք, դէպի անցեալը, փոխանակ առաջ նայելու՝ դէպի ապագան»։

Առաջին ակնարկով ընդունինք, որ այս մտածելակերպը տարբեր կը թուի, արեւմտահայերէնի կորուստի վտանգին երեմիականներէն, տարբեր է հայերէնէն հրաժարելու շատերու տրամադրութիւններէն. հայութենէ՛ն հրաժարելու յաճախ։ Բայց ի վերջոյ չ՚ա՞ռաջնորդեր արեւմտահայերէնին վրայէն գիծ քաշելու, զայն անհետացած լեզուներու կարգին մղելու։ Կամովի՛ն, ոչ՝ ստիպողաբար, ոչ՝ անբարենպաստ պայմաններու ի հետեւանք։ Կամովի՛ն։

Իսկ այդ ի՛նչ կը նշանակէ։

Որքա՜ն ենթահարցեր կը բացուին մեր առջեւ, որոնք պատասխանի կը կարօտին, որոնց անտեսումով կամ անյաջողութեամբ հասած ենք մեր ներկայ կացութեան։

Առաջին. լեզուները օրէնքներ հռչակելով չէ, որ կը զարգանան։ Եթէ օր մը մեր համայն ժողովուրդը նոյն լեզուն պիտի խօսի, գէթ դպրոցը նոյն լեզուն պիտի սորվի (խօսակցական տարբերութիւններ՝ բարբառներ, միշտ ալ գոյութիւն կ՚ունենան), այդ պիտի ըլլայ համախումբ կեանքով, այսինքն միասին ապրելով նոյն տարածքին վրայ, ինչ որ «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» գաղափարականին ալ հիմքն է։ Եւ այդ նաեւ կը նշանակէ որ մեր լեզուի զոյգ ճիւղերը կրնան փոխադարձ հարստացումով ստեղծել վաղուան այդ մէկ լեզուն։ Բայց վաղը որքա՜ն հեռու կը թուի տակաւին։ Մինչ, նոյնիսկ եթէ ներկայիս բոլորս որդեգրենք արեւելահայերէնը, դարձեալ պիտի շարունակենք զիրար չհասկնալ, քանի որ մեր լեզուն կ՚աղաւաղուի Սփիւռքի մէջ տեղական լեզուներու, իսկ Հայրենիքի մէջ ռուսերէնի, օտար մամուլի եւ ընկերային հարթակներու ազդեցութեամբ, այլեւ մանաւանդ մեր ինքնութեան հանդէպ անտարբերութեան ու մեր օտարամոլութեան հետեւանքով։

Երկրորդ. արեւմտահայերէնը, որ հսկայ հարստութիւնն է մեր լեզուին, յաճախ աւելի զարգացած ու ժամանակակից հնչեղութեամբ քան արեւելահայերէնը, միայն Սփիւռքի ճիգերով չէ, որ կրնայ պահուիլ. Հայրենիքն ալ իր դերը ունի կատարելիք, զայն արեւելահայերէնին հետ հաւասարապէս պետական լեզու յայտարարելով (եթէ օրէնքով այդպէս չէ արդէն, բայց, օրինազանցութեամբ, այդպէս չէ եղած)։ Շատ դրական էր տեսնել, որ այս մասին ալ անդրադարձ եղաւ Մայրենիի օրուան առթիւ՝ անցնող 21 փետրուարին ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառյանի անուան լեզուի ինստիտուտին (հիմնարկին) կազմակերպած առցանց միջոցառման ընթացքին, միջոցառում՝ գործընկերութեամբ ՀՀ լեզուի կոմիտէին, Հայաստանի գրեթէ բոլոր համալսարաններուն եւ այլ հիմնարկներու, ուր շեշտուեցան, ի միջի այլոց, հայերէնը ձերբազատելու օտարամոլութիւններէ, ըստ արժանւոյն տէր կանգնելու հայերէնի ամբողջական հարստութեան, ներառեալ գրաբարը, միջին հայերէնը, գաւառաբարբառները ու մանաւանդ արեւմտահայերէնը, եւ յարակից հարցեր, այլեւ այդ բոլորը ներկայացնող գրական գեղեցիկ գործերու ընթերցումով տրուեցաւ ճաշակ մը մեր լեզուական ճոխ գանձարանէն։

Երրորդ. այո՛, ճիշտ է, կայ կենսական անհրաժեշտութիւնը, որ հայերէնի զոյգ ճիւղերուն հաղորդ ըլլան  մեր դպրոցներու աշակերտները՝ Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի։ Ծանօթանան խորապէս, ոչ մակերեսայնօրէն։ Նաեւ՝ գրաբարին, առանց որուն կարելի չէ տիրապետել հայերէնին։ Ի՜նչ պատահականութեամբ, առանց լուր ունենալու իրարմէ, աւագ գրչակիցս՝ Յակոբ Պալեան, որ նոյնպէս ամբողջ կեանքը չէ՛ յոգնած հայերէնի պաշտպանութիւնը ջատագովելէ, «Հորիզոն»-ի կայքէջին վրայ մարտ 3-ին զետեղուած իր յօդուածին մէջ («Միացում. ուրկէ՞ սկսիլ վերականգնումը») կը գրէ. «Կար ժամանակ, երբ հայ դպրոցներու մէջ` որպէս հայերէնի ուսուցման առարկայ, կար նաեւ գրաբարը, յիշեցնելու համար, որ աշխարհաբարը արմատ ունեցող եւ շարունակութիւն եղող լեզու էր»։

Ժոզէն ալ արմատներուն մասին կը խօսէր նոյն օրը… Կարծէք մեզ մեր արմատներէն հեռացնելու համաշխարհային ճիգ մը կայ…

Ի՞նչ կ՚ըլլայ եթէ մոռնանք մեր արմատները։

Կ՚ըլլայ այն, որ մեր ինքնութիւնն ալ կը մոռնանք։ Կ՚ըլլայ այն, որ արեւմտահայերէնէն հրաժարելով՝ հրաժարած կ՚ըլլանք ոչ միայն մեր լեզուի փարթամ հարստութենէն, այլեւ մեր Դատէն իսկ։ Արեւմտահայերէնէն հրաժարելով զգալիօրէն կ՚աղքատանանք, բայց Դատէն հրաժարելէ ետք, այսինքն՝ մեր ինքնութի՛ւնը կորսնցնելէ ետք, այլեւս ի՞նչ շահագրգռութիւն կ՚ունենայ ոչ միայն սփիւռքահայութիւնը, այլեւ հայրենահայութիւնը՝ հայութենէն ալ չհրաժարելու։ Իսկ համիտներու, թալէաթներու եւ հին ու նոր դահիճներու ուզածն ալ այդ չէ՞ր ու չէ՞ ընդմիշտ։

«Խոր յարգանք մեր արմատներուն նկատմամբ»։

Այն արմատներուն, որոնցմէ նոր բերք կը հասնի տեւաբար։

Եթէ չկրցանք ա՛յս ներշնչել մեր զաւակներուն, ահա թէ ինչպէ՛ս դաւաճանած կ՚ըլլանք մեր ապագային։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.