«Չեմ կարծեր, որ Ալիեւի յայտարարած համաներումը կը վերաբերի հայ պատանդներուն». Սիրանուշ Սահակեան

«Վիգէն Էուլճէքեանի կնոջ՝ Ատրպէյճանի փոխնախագահ Մեհրիբան Ալիեւային ուղղուած նամակի հրապարակումը եւ Ատրպէյճանի մէջ սպասուող համաներումը իրարու հետ որեւէ կապ չունին։ Չեմ կարծեր, որ այդ համաներումը կը ներառէ հայ պատանդները»,– «Panorama»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՄԻԵԴ-ի մէջ հայ գերիներու ու պատանդներու իրաւունքները պաշտպանող փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան։

Ան մանրամասնած է, թէ ատրպէյճանցի դատախազները՝ պետութեան ներկայացուցիչներ ըլլալով, դատարաններու մէջ կը փորձեն գերի պահուող անձերուն արարքները ներկայացնել իբրեւ ծանրագոյն յանցագործութիւններ՝ պահանջելով ցմահ ազատազրկում՝ որոշ չափով բաւարարելով հասարակութեան մէջ տարածուած հայատեաց տրամադրութիւնները։ Այս պայմաններուն մէջ քիչ հաւանական է, որ համաներման արժանանան նոյն այդ հայ պատանդները։

Սահակեան յայտնած է, թէ Ատրպէյճանը երբեք մարդասիրական դիտանկիւնէ չէ մօտեցած խնիդրին․ գերիներու հարցը օգտագործուած է իբրեւ լրացուցիչ քաղաքական լծակ՝ Հայաստանի իշխանութիւններէն զիջումներ ապահովելու համար։ «Նախկինին ալ եղած են պարագաներ, երբ ընտանիքի անդամները՝ նոյն մարդասիրական նկատառումներով, դիմած են Ատրպէյճանի նախագահի տիկնոջը, սակայն այդ քայլերէն ոչ մէկը արդիւնաւէտ եղած է։ Գերիներ ազատ արձակելու ցանկացած որոշում պայմանաւորուած է քաղաքական նկատարումներով»,– բացատրած է փաստաբանը։

Ան յիշեցուցած է, որ օրինակ՝ գերիներ ազատ արձակուած են այն ժամանակ, երբ հայկական կողմը տրամադրած է ականապատ տարածքներու քարտէզները, կամ Հայաստանի աջակցութիւնը ցուցաբերած է COP29-ի հիւրընկալութեան հարցով։ Գերիներու վերադարձի միջոցաւ Ատրպէյճանը բարձրացուցած է Հունկարիոյ կառավարութեան հեղինակութիւնը, այն պարագային, երբ Հունկարիան գլխաւոր դերակատար եղած է Սաֆարովի անպատժելիութեան մէջ։ «Այլ խօսքով, ատրպէյճանական կողմը միշտ շահեր ձեռք բերած է մարդասիրական խնդրի լուծման դիմաց»,– աւելցուցած է ան։

Սահակեանի համոզմամբ, քանի դեռ չեն լուծուած այն հարցերը, որոնք դարձած են սակարկման նիւթ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նոր ազատ արձակումներ պիտի չկազմակերպեն։