Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար. Երուանդ Փամպուքեան

«Նամակները շատ հարազատ եւ անմիջական են, նաեւ յստակ կերպով գաղափար ալ կու տան, որ յեղափոխական գործիչները, մարտիկները իրենց աշխատանքները ի՛նչ պայմաններու մէջ կը տանէին»

Ե. ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ

Առաջին անգամ Երուանդ Փամպուքեանին հանդիպած եմ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ (2016 թուականին), երկրորդ անգամ` իր հիւրընկալ յարկին տակ (2022 թուականին): Մեծ էր ոգեւորութիւնս, երբ զիս հրաւիրած էր. սկզբնապէս զարմանք մը ապրեցայ, որ ան տակաւին կը հրատարակէ հատորներ: Միշտ ոգեւորուած եմ աւելի քան կէսդարեայ իր պատմագիտական փորձառութեամբ, որ նպաստած է պատմագիտական հակումներուս… Այսօր այնքան եզակի, երբ… միով բանիւ կը կարծեմ, որ «պատնէշին վրայ» իրմէ զատ չկան այլեւս ազգային գործիչներ, որոնք հայ պատմագրութեան իրենց նպաստը կը բերեն, ինչպէս ինք` ըլլալով միեւնոյն ատեն ՀՅԴ կուսակցութեան իր սերունդին ամէնէն վերջին մոհիկաններէն, բանիբուն ազգային գործիչ մը, պատմագէտ, խմբագիր:

Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը աւարտելէ ետք (1953) ուսումը շարունակած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար հայագիտական վարժարանին մէջ (1954), հետագային ուսանած` Պելճիքայի Լուվենի համալսարանի ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին մէջ (1954-1958): Ուսումնառութեան բեղմնաւոր տարիներուն ընթացքին հետեւած է արեւելագիտութեան դասընթացքներու, 1958-էն ի վեր Պէյրութի մէջ (Համազգայինի ճեմարան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ այլն) դասաւանդած է Հայոց պատմութիւն եւ հայ մատենագիտութիւն:

Մանկավարժի փորձառութիւնը, ինչպէս կ՛ըսեն, չէ վնասած, այլ նպաստած է, որ իր լիանուէր գործունէութեան ընդմէջէն, վարչական պատասխանատու պաշտօններ ստանձնէ ինչպէս «Ազդակ» օրաթերթին (1970-1978), այնպէս ալ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ (1979-2005):

Երուանդ Փամպուքեանը` իբրեւ պատմագէտ եւ խմբագիր, անուրանալի դեր կատարած է հայ պատմագրութեան զարգացման համար: Միջանկեալ, չենք կրնար խուսափիլ չարձանագրելէ, որ «Երուանդ Փամպուքեանի պատմագիտական վաստակը» առանձին աշխատութեան մը (թերեւս) դոկտորական թեզի` խորագիր կրնայ հանդիսանալ. յորդոր մը` երիտասարդ պատմագէտներուն, որոնք կը հետաքրքրուին յատկապէս ՀՅԴ-ի «ակունքային» պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններով, վասնզի Ե. Փամպուքեանի աշխատութիւններուն մէջ բազմահարուստ պատմական անցքերու, վկայութիւններու կրնան հանդիպիլ («Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» (2017), «Արամ Մանուկեան. Նամականի» (2018)- ի բախտաւորութիւն ինծի, այս ստուարածաւալ հատորը պարոն Փամպուքեանէն նուէր ստացած եմ,- «Նիկոլ Դուման. Նամականի» (2021), «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները» (2020), «Ռոստոմի անտիպ նամակները» (2022), «ՀՅԴ ծածկանուններու բառարան» (2023): Թուարկումը կարելի է շարունակել, եւ այսօր ալ բնաւ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ նոր պատմագիտական «պեղումներու» ճամբաբաժանին վրայ է արգոյ պատմագէտը, որ ազգային, հանրային մտաւորական գործիչ ըլլալով, մշտապէս ի մտի ունենալով հայ ազգային պատմութեան եւ հայ յեղափոխական գործիչներու նկատմամբ իր ունեցած անկորնչելի գիտական հետաքրքրութիւնները, տակաւին գիտական տոկունութիւն կը ցուցաբերէ…

Չենք կրնար զանց առնել Երուանդ Փամպուքեանին նուիրաբերումը համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող «Ազդակ» օրաթերթին նկատմամբ: ինք ատենին խոստովանած է. «Ազդակ»-ի մէջ կեանքիս ութ տարիները անցուցած եմ: ՀՅԴ-ի կողմէ թերթին էջաթիւը աւելցնելու յանձնառութիւն ստացած էի: Պէյրութի հայկական գաղութի ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքը այնքան աշխուժ էր, որ անհրաժեշտ եղաւ այդ բոլոր իրադարձութիւնները լուսաբանելու համար թերթին էջերը աւելցնել…»:

Վերստին գործունէութեան «նոր ճամբայ մը», որ վստահուեցաւ գաղութային հայ կեանքով ապրող մտաւորականի մը. հիմա տարիներու հեռաւորութենէն, կը կարծեմ, որ նոր սերունդը այնքան ալ չըմբռնէ, թէ ատենին ի՛նչ նշանակութիւն եւ նշանառութիւն ունեցած է հայ մամուլի նպաստաբերութիւնը օտար պայմաններու մէջ` վասն ազգային ինքնութեան պահպանման` սփիւռքեան մամուլի օրէ օր «անհետացման» պայմաններուն մէջ…

Ընդհանրապէս, պարտականութիւն բառը բնորոշ չէ, երբ խօսքը կը վերաբերի Երուանդ Փամպուքեանին: Ինքնապարտականութիւնն է, որ միշտ կ՛ոգեկոչէ, կ՛ոգեշնչէ Ե. Փամպուքեանը, ըլլա՛յ ՀՅԴ-ի արխիւներու ուսումնասիրում, ծանօթագրում, ըլլա՛յ մեր պատմութեան տակաւին անյայտ իրողութիւնները «նոր լոյսին տակ» ներկայացնելու, մեկնաբանելու նպատակամիտում: Ահաւասիկ` «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» ստուարածաւալ մատենաշարը (12 հատոր). երբ առաջին անգամ Պէյրութի Համազգայինի գրադարանին մէջ այդ հատորներուն «հանդիպեցայ», այո՛, հանդիպեցայ, կարծես թէ` տարբեր ժամանակաշրջաններու պատմական դարձակէտային իրողութիւններու դէմ առ դէմ, գլխիկոր շուարած ըլլայի: Ի վերջոյ հասկցայ, հակառակ անոր որ չեմ կարծեր, թէ հասկցայ, տառապալից աշխատանքի այն «այն ծանր ծիրանին», որ տարիներ անընդմէջ իր ուսերուն վրայ կրած է Երուանդ Փամպուքեան. ինչ զոհողութիւններով, անանձնական կեանք «ապրիլ-չապրիլ»-ու զարկանքներով նուիրագործուած…

ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Comments are closed.