Ուրկէ՞ սկսիլ
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Մարդուժ պատրաստել…
Կենսական նպատակ եւ անյետաձգելի յանձնառութիւն։
Հիմա նաեւ հայրապետական պատգամ։ Չէ՞ որ տարին այդ նպատակին յատկացնել յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ իրաւամբ նշելով, որ «մեր կառոյցները կենսաւորողը, մեր համայնքները ծաղկեցնողը, Սփիւռքը որպէս հայակեդրոն գոյութիւն ամրապնդողը, անոր ազգային ինքնութիւնը պահողը, ե՛ւ որակ, ե՛ւ ուղղութիւն տուողը իր մարդուժն է՝ հոգեմտաւոր պատրաստութիւն, մասնագիտական կազմաւորում ու ամբողջական նուիրում ունեցուղ մարդուժը»։
Բայց ուրկէ՞ սկսիլ. ահա հարցը, որ կ՚ուզեմ խորհրդակցութեան առարկայ դարձնել մեր ընթերցողներուն հետ։
Իսկ այդ հարցումին պատասխանն ալ որոնելէ առաջ, կ՚ուզեմ ես ինծի հարց տալ, թէ ինչո՞ւ հիմա կ՚առաջադրուի այս։ Միթէ մարդուժի պատրաստութիւնը մեր օրակարգի մնայուն հարցը պէտք չէ՞ եղած ըլլար մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն համար, բոլո՛ր ժամանակներուն։ Եւ ինչպէ՞ս ստեղծուեր էին ու գործեր այդ կազմակերպութիւնները ի սկզբանէ, եթէ ոչ այն լռելեայն հասկացողութեամբ, որ ի՛նչ նպատակի համար ալ, որ անոնք գոյութիւն էին առած, ամենէն առաջ պէտք էր, որ սկիզբէն ապահովէին անհրաժեշտ մարդուժը՝ արիւնոտ գոյամարտը մղելու թէ յետոյ վերապրումը կազմակերպելու եւ պայքարը շարունակելու համար։
Ենթադրե՞նք, թէ դանակը այժմ ոսկորին է հասած, եւ չունինք այլընտրանք։
Պատրաստել մարդուժ։
Եւ ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս բառով։ Այո՛, ամեն ժամանակէ աւելի ուսեալ ու իրենց այլազան ասպարէզներուն մէջ հմուտ սերունդներ են, որ կը յաջորդեն իրարու մեր, թէ աշխարհի այլ ժողովուրդներու կեանքին մէջ։ Ատկէ աւելի ուզուածը ի՞նչ է ուրեմն։ Ի՞նչ է սուր այն կարիքը, ի՞նչ իւրայատուկ ոլորտի մարդուժ է, որ կը պակսի մեզի, որուն համար ձայն բարձրացուց Կիլիկիոյ վեհափառը։
Իսկ ո՞վ պիտի ըլլայ պատրաստողը։ Ինչո՞ւ չենք պատրաստած ցարդ։ Այժմ ունի՞նք միջոցները պատրաստելու համար։ Եւ որքա՞ն ժամանակ կայ մեր առջեւ այս յանձնառութեան համար։
Այս հարցումներն ալ ի հարկէ կը կարօտին պատասխանի, եւ այս յօդուածը չի յաւակնիր տալու այդ պատասխանները։
Ահա, սակայն, կարգ մը կէտեր՝ հաւաքական մտորման համար։
Պատրաստե՛լ։
Առաջին՝ ուսուցիչ պատրաստել։ Մեր գլխաւոր՝ թիւ մէկ խնդիրը, ուսուցիչի՛ պակասն է։ Մեր վարժարանները ուսուցիչ կը փնտռեն ու չեն գտներ։ Հայերէն դասաւանդող ուսուցիչ։ Հայերէնո՛վ դասաւանդող։ Լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօն եւ մասամբ նորին։ Լեզուին ու այդ բոլորին լաւապէս տիրապետող ուսուցիչ։ Դաստիարա՛կ։ Կոչում ունեցող, իր հմտութենէն անդին՝ ոգի՛ ունեցող, ոգի՛ ներշնչող դաստիարակ։
Պատրաստութիւնը մէկ խնդիր։ Բայց կայ նաեւ անոր մարդավարի ապրուստը հոգալու հարցը, առանց որուն արդար լուծման՝ մենք տեղ չենք հասնիր։ Այսօրուան կեանքի մակարդակով ապրելու հնարաւորութիւն ընծայելու մասին պէտք է խորհիլ։ Այլապէս ո՞ր փայլուն ուսանողը պատրաստ պիտի ըլլայ այդ ասպարէզը ընտրելու։ Շատ աւելի նուազ յոգնեցուցիչ ու շատ աւելի լաւ վարձատրող ասպարէզներ կան ի վերջոյ։ Իսկ այդ հրապուրիչ ասպարէզները մտնելու անկարողներո՞ւն պիտի մնայ ուսուցչական թէ ազգային պաշտօնները ստանձնելու պարտաւորութիւնը։
Պատրաստե՛լ։
Երկրորդ՝ գրող, հրապարակագիր, լրագրող պատրաստել։ Առանց յատուկ պատրաստութեան՝ շատերս վերցուցած ենք այդ դերերը, սակայն մեր գրականութեան ու մեր մամուլի ներկայ վիճակը բաւարար չէ՞ ցոյց տալու համար, որ հոս եւս մեծ բաց մը կայ։ Եւ եթէ չկարդանք մեր գիրքերը, եթէ չբանանք մեր մամուլի էջերը, ուրկէ՞ պիտի ստանանք մեր առօրեայ սնունդը, հոգեւո՛ր մեր սնունդը, ազգայի՛ն մեր սնունդը։ Ո՞վ է մտածողը այս մասին։ Ո՞վ մտահոգ է այս առնչութեամբ։ Ո՞ր կազմակերպութիւնն է, որ տրամադիր է գրո՛ղ ապրեցնել, հրապարակագիր վարձատրել, լրագրող խրախուսել։
Պատրաստե՛լ։
Երրորդ՝ գործիչ պատրաստել՝ ղեկավա՛ր, մշակութային թէ կազմակերպական մարզերուն համար։ Չի՛ պակսիր տաղանդը, չի պակսիր ստեղագործական հրայրքը, բայց ո՞վ ամավարկ կը յատկացնէ այս ուղղութեամբ։ Եւ ո՞վ, ո՞ր կազմակերպութիւնը պատրաստ է անհրաժեշտ վարձատրութիւնը յատկացնելու, որ իր պարախումբերն ու երգչախումբերը չմնան առանց ղեկավարի, իր թատերախումբերը՝ առանց բեմադրիչի, իր երիտասարդական ու պատանեկան միութիւնները՝ առանց վարիչի, իր քաղաքական աշխատանքները՝ առանց լիաժամ նուիրեալ գործիչներու։ Սիրողական մակարդակէն վե՛ր։ Իրենց ասպարէզներուն մէջ հմո՛ւտ։ Եւ մի՛շտ ոգի ունեցող ու ոգի՛ հաղորդող։
Այո՛, պատրաստել։
Դեռ չեմ խօսիր այլ ոլորտներու մասին, տնտեսականէն, մարզականէն մինչեւ պաշտպանականը։
Կասկած չկայ, որ այս բոլորին համար մենք՝ Սփիւռք թէ հայրենիք, մարդուժի կարիք ունինք, մարդուժ պատրաստելու պարտաւորութիւնը ունինք։ Այս պահուս անորոշ է, թէ այս ուղղութեամբ ի՛նչ կը ծրագրուի Հայաստանի մէջ, եւ ո՞վ է ծրագրողը, սակայն ազգովին չենք կրնար խուսափիլ մեր այդ պարտաւորութենէն Սփիւռքի պարագային։
Բայց այո, ուրկէ՞ սկսիլ։
Առանց անտեսելու կարեւորութիւնը առկայ մարդուժը ճանչնալուն, համախմբելուն եւ զինուորագրելուն՝ նոր մարդուժի պատրաստութիւնը սկսիլ մանկապարտէզներէն, ընտրել յատկութիւններ ու ձիրքեր ցոյց տուող երեխաները, հետեւիլ եւ օժանդակել անոնց ուսման, զարկ տալ անոնց կարողութիւններուն, բացայայտել այդ կարողութիւնները եւ այդպէս քաջալերել զանոնք՝ մինչեւ անոնք հասնին դառնալու մեր ներուժը բոլոր վերոյիշեալ մարզերէն ներս։
Անհրաժեշտ է ի սկզբանէ նիւթական կռուանները ստեղծել, այնպէս, ինչպէս կը յաջողինք գոյացնելու շէնքերու՝ եկեղեցիներու, դպրոցներու կամ ակումբներու շինութեան կամ նորոգութեան պէտք եղած գումարները։ Այո՛, այդ գումարներէն շատ աւելիին, տասնապատիկ թէ հարիւրապատիկ աւելիին պէտք ունինք մարդուժի պատրաստութեան համար, բայց ես ունիմ անխախտ համոզումը, թէ կրնա՛նք ի մի բերել մեր գոյութեան երաշխիք դառնալիք նիւթական այդ կռուանները։
Բայց մանաւանդ անհրաժեշտ է այս գործին մօտենալ համահայկական առումով, բոլորին հետ խորհրդակցաբար, բոլորին մասնակցութեամբ՝ թէ՛ կարիքներու ճշտումին, թէ՛ գործնական քայլերու որոշումներուն համար։ Բոլորը՝ ներառեալ քաղաքական տարբեր կողմերը, եկեղեցական բոլոր համայնքները, բոլոր միութիւնները եւ բոլոր անոնք, որոնք այս առնչութեամբ կրնան օգտակար ներդրում մը ունենալ։
Սկսիլ համազգային գործակցութենէն։ Մնացեալը աւելի հեշտ կ՚իրականանայ։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Comments are closed.