Ուխտապահ եւ Անձնուրաց խաչուհիներու բանակը իր առաքելութեան տէրն է. Խմբագրական
«Երբ հայ կինը կը զինուորագրուի Խաչով, ան ոչ միայն թանկագին նպաստ մը կը բերէ Օգնութեան Միութեան այնքա՜ն կենսական նպատակներուն, այլ նաեւ հոգեպէս եւ մտայնութեամբ կը դառնայ պայքարող հայ կին, այլասերման վտանգներուն դէմ»:
Մուշեղ Իշխան
Հոկտեմբեր 7-11, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) Գանատայի մէջ գումարեց 72-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը։
ՀՕՄ-ի պատմագրութեան մէջ, յատկանշական կը հանդիսանայ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու հատման ժամանակահատուածը, երբ ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործադաշտը տարածուեցաւ չորս տարբեր բեւեռներու վրայ՝ Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռք։ Իր ծանրաբեռնուած օրակարգերով հանդերձ, ՀՕՄ-ը չվարանեցաւ հայութեան դիմագրաւած իրերայաջորդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ զօրաշարժի ենթարկելով իր շարքերը նետուեցաւ գործի դաշտ, ձեռք երկարելու 1988-ի Հայաստանը հարուածած երկրաշարժի աղէտեալներուն, մայրութիւն ու տիրութիւն կատարելով որբացած երեխաներուն, կողք-կողքի կանգնելով Արցախի ազատամարտիկներուն, զօրակցելով Հայաստանի հիւսիսային դարպաս Ջաւախքի հայրենակիցներուն ու վերջապէս յենասիւն հանդիսանալով Սփիւռքի գաղթօճախներու մէջ գործող կրթական հաստատութիւններուն։
Այսօր, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, հայկական այս կազմակերպութիւնը կոչուած է ծառայելու հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրի պահպանման: Այս նպատակով հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին կը շարունակէ իրականացնել կրթական, առողջապահական եւ բարեգործական լայնածաւալ ծրագրեր:
Այս առաքելութիւնները, սակայն, հաւանաբար չիրագործուէին, եթէ գոյութիւն չունենար Հայ Օգնութեան Միութեան ծննդոցէն ի վեր, միութենական դաւանագիրքին մէջ ամրագրուած մեծատառ եւ յստակ մէկ հասկացութիւն՝ ՆՈՒԻՐՈՒՄ. Համապարփակ նուիրուածութեամբ հայրենիքին եւ ժողովուրդին ծառայելու գաղափարը։ Այդ բարոյական նուիրումի բարձրակէտը կը հանդիսանան անձնազոհութիւնն ու անձնուրացութիւնը՝ մարդկային արժանիքներ, որոնք մեզի փոխանցուած են ՀՕՄ-ի անցեալի եւ ներկայի նուիրեալ առաջնորդներուն եւ գործիչներուն շնորհիւ։
Ազգի եւ ժողովուրդի ազատ ու անվտանգ զարգացումն ու յառաջխաղացքը կը կերտուին մշակոյթի, պատմական յիշողութեան եւ հայրենասիրութեան արժեհամակարգերով։ Վերոնշեալ արժեհամակարգերը առողջ հիմերու վրայ կառուցելու համար՝ անհրաժեշտ է համայն քաղաքացիներուն կողմէ ազգին ծառայելու սկզբունքի ընկալումը։ Եւ ազգին ծառայելու սկզբունքը ոչ միայն ընկալուած է ՀՕՄ-ին կողմէ, այլ ինքը՝ իբրեւ հաւաքական բարեսիրական շարժում՝ օրինակ կը ծառայէ այլոց։
Իր առաքելութեան գիտակից՝ ՀՕՄ-ը իր աշխարհըմբռնման մէջ ներառած է ազգային արժէքներու համակարգը եւ տարիներէ ի վեր նորահաս սերունդին մէջ սերմանած է ազգային ինքնաճանաչման արժէքները՝ հայոց լեզուն, մշակոյթը, պատմական յիշողութիւնը եւ ազգային մտածողութիւնը։ Իսկ հայրենիքին սպառնացող պահուն, յատկապէս Ապրիլեան պատերազմի օրերուն, ՀՕՄ-ը փաստեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ի խնդիր, պատրաստ է եւ ի վիճակի է զօրաշարժի ենթարկելու կամաւորներու իր բանակը։ Թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական իր ներուժով ՀՕՄ-ը մինչեւ օրս կողքին է հայ զինուորին եւ Հայոց Բանակին։
109 տարիներու ՀՕՄ-ի անձնուիրութեանց ու զոհողութեանց համագումարն ու տարողութիւնը՝ հսկայածաւալ ու վիթխարի է: 20-րդ դարուն ծնունդ առած այս կազմակերպութիւնը հայկական նոր ասպետութիւնն է, որուն առաքելութեան հետեւորդ ուխտեալ բոլոր ասպետուհիներն ու խաչուհիները անխտիր, արժանի են հայ ժողովուրդի երախտագիտական զգացումներուն, այն խաչուհիները, որոնք կը հաւատա՛ն եւ կը պայքարի՛ն ի խնդիր հայութեան արդար դատին։
Նոր իրագործումներով լի յաջող քառամեակ կը մաղթենք ՀՕՄ-ին… Թող ձեր սրբազան երթը հասնի մինչեւ Անտոք, Ծովասար, Մուսալեռ, «Մինչեւ հասնինք սէգ սարերուն հայրենի»…
Խմբագրական «Հորիզոն»ի