Ուժը թէ իրաւունքը (Միջազգային յարաբերութեանց կնճիռը)

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

(Խմբագրական «Ազդակ Շաբաթօրեակ Դրօշակ»ի, ԺԲ Տարի, Թիւ 3, 8 Փետրուար 1981)

(հատուած)

Աւելի յստակ բանաձեւումով, ուժի՞ն «իրաւունքը», թէ իրաւունքի՛ն ուժը պիտի վարէ կամ պէտք է վարէ միջազգային յարաբերութիւնները։

Եթէ անցեալին նայինք եւ ներկան վերլուծենք, իհարկէ, պատասխանը յստակ ու բացայայտ է բոլորին համար: – Միջազգային յարաբերութիւնները կը ղեկավարուին՝ իբրեւ զսպանակ ունենալով ուժին «իրաւունքը» եւ ոչ երբէք՝ իրաւունքին ուժը։

Կը հետեւի ինքնին, -ո՛վ որ ուժ ունի, նաեւ իրաւունք ունի։ Այս կը թուի տիրական նշանախօսքը ցարդ, որուն կիրարկման հետեւանքները եւս սակայն նոյնքան պարզ ու բացայայտ են բոլորին։

Փաստօրէն, ով որ իր մօտաւոր կամ հեռաւոր շահերուն գիտակցութիւնը ունի եւ այդ շահերուն ապահովումը կ՛ապաւինի բացառաբար ուժի գործածութեան կամ ճնշումին, ինքնաբերաբար տէր կը համարուի պետական առողջ մտածողութեան եւ քաղաքական իմաստութեան։

Իսկ ով որ սեփական շահերուն գիտակցութիւնը ունի նոյնքան յստակօրէն, բայց անոնց ձեռքբերումը կը փորձէ սկզբունքի հաւատալով կամ իրաւունքի՛ ուժին դիմելով՝ յայտնապէս ցնորատեսներու շարքին կը դասուի եւ պարզապէս կ՛արհամարհուի քաղաքական աշխարհի թատերաբեմին վրայ։

Ավելի՛ն․ ահաւոր կեղծիք մը կը բեմադրուի միաժամանակ եւ կը գործարկուի առանց դոյզն իսկ խղճախայթի։

Արդարեւ, տեսականօրէն ամէն մարդ իրաւունքին հետ է, իրաւունքի ուժին անունով կը խօսի, սակայն գործնապէս ուժին «իրաւունքը» կը կիրարկէ։

Ամէն քաղաքագէտ կամ դիւանագէտ ամէն օր սկզբունքէ կը ճառէ ․․․սկզբունքօրէն, սակայն գործնականօրէն ճիշդ հակառակը կ՛ընէ՝ բացառաբար իր երկրի սեփական եւ յաճախ եսապաշտական շահերը միայն հետապնդելով։

Ամէն մարդ, քաղաքական կամ զինուորական ամէն ճակատ, մանաւանդ ամէն գերպետութիւն մարդկային իրաւանց երկրպագուն կը ձեւանայ միշտ եւ իբրեւ դրօշակի՜ր կը ներկայանայ բոլոր ժողովուրդներու ազգային ազատ ինքնորոշման եւ ընկերային ազատագրութեան դատին, սակայն չկայ ճակատ մը, ուր թէ՛ ընկերային եւ թէ ազգային ազատագրական իրաւունքներն ու ազատ ինքնորոշման սկզբունքը օր ցերեկով չոտնակոխուին ամէնէն անողոք եղանակներով։

Արդ, աւանդական ու դասական այս «ռազմավարութեամբ», սակայն շղթայական հակազդեցութիւն մը կը զարգանայ իրողապէս, որ անխուսափելիօրէն կը յանգի մարդկային ահարկու աղէտներու, ընկերային ու բարոյական նոյնքան աւերիչ այլասերման մը զուգահեռ։

Պատմական փաստական իրականութիւնը այն է, որ պետութիւն մը ո՛րքան մեծ ուժ կուտակէ իր սեփական շահերու պաշտպանութեան համար, այնքան աւելի կը լայննայ ծիրը նաեւ սեփական շահերուն։

Եւ հակադա՛րձաբար, ո՛րքան աւելի լայննայ ծիրը սեփական շահերուն, նոյն համեմատութեամբ ալ կը շեշտուի անհրաժեշտութիւնը յաւելեալ նո՛ր ուժի կուտակման եւ այսպէս շարունակաբար, մինչեւ որ միեւնոյն պետութիւնը, իր իսկ կուտակած վիթխարի ուժին կամ արտաքին նոր ուժերու ճնշման տակ աստիճանաբար քայքայուի կամ գահավէժ իյնայ իր զօրութեան զէնիթէն։

Գերազանցօրէն աշխարհակալական եւ էապէս շահագործական այս գործընթացը անխուսափելիօրէն կ՛առաջնորդէ բռնութեան, ճնշումի եւ պարբերական արիւնահեղութեանց ոչ միայն հարեւան ազգերուն, այլեւ յաճախ հարազատ ժողովուրդին նկատմամբ։

Կ՛առաջնորդէ ոչ միայն ֆիզիքական եւ նիւթական անհաշիւ կորուստներու, այլեւ բարոյական ու ընկերային այլասերման, հոգեմտաւոր անսահման ուժերու մսխումի ու սնանկութեան։

Այս կացութեան մէջ, ինչպէս ցոյց կու տայ պատմութիւնը, մարդկութիւնը, մարդկային կեանքի հոլովոյթը կը դառնայ նոյն մոգական շրջանակին մէջ․- աշխարհակալական նորանոր կառոյցներու բարձրացում եւ պարբերական անկում՝ տագնապէ տագնապ առաջնորդելով մարդկային բովանդակ ընկերութիւնը, հերթափոխաբար։

Այս ընթացակերպով՝ խաղաղութիւնը, խաղաղութեան դաշնադրութիւնները ժամանակաւոր միջնարարներ կը հանդիսանան միայն, նոր եւ աւելի արիւնոտ եւ աւելի աւերիչ գօտեմարտերու իբրեւ նախապատրաստական հանգրուան։

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ, ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, Հատոր առաջին, Էջ 383-384, Երեւան եւ Լոս Անճըլէս, 1995 թ․

Comments are closed.